«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Մոսկուա խոստացած է հակադարձել Եւրոպական Միութեան նոր պատժամիջոցներուն եւ Պրիւքսէլին խորհուրդ տուած է չփնտռել միջոցներ` իր անդամներուն եւ Ռուսիոյ տնտեսութիւններուն աւելի ցաւալի հարուած հասցնելու համար, այլ` զբաղիլ Տոնպասի վերականգնման աջակցութեամբ:
«Մոսկուայի մէջ ուշադրութիւն դարձուցած են Պրիւքսէլի մէջ հրապարակուած Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վոն Ռոմփէյի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի միացեալ նամակին, որ Ռուսիոյ նկատմամբ սահմանափակող միջոցներու մասին է, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութեան, ըստ որուն, Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու մնայուն ներկայացուցիչներու յանձնախումբին մէջ մեր երկրին դէմ նոր պատժամիջոցներու թղթածրար մը կը քննարկուի»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է. «Ըստ էութեան, հակառուսական պատժամիջոցներու ընդլայնման մասին յայտարարութիւնը դարձած է Եւրոպական Միութեան առաջին արձագանգը մէկ օր առաջ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած կապի խմբակի հանդիպումին, որ կը վերաբերի Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման եւ այն համաձայնութիւններուն, որոնք թոյլ կու տան բոլոր ուքրանացիներու կեանքը տանիլ դէպի խաղաղ ուղի»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան կողմէ պատժամիջոցներու նոր ցուցակին, ապա եթէ անոնք որդեգրուին, մեր կողմէ արձագանգը, անկասկած, պիտի յաջորդէ»:


