ԼԵՒՈՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
«Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան`
Նախ` կեա՜նքը, վերջը` լացող մ՛իր վրան»:
Պետրոս Դուրեան
Քառասուն օրեր առաջ` 4 օգոստոսի չարագուշակ երկուշաբթի առաւօտուն, Դիմատետրէն կ՛իմանայինք անակնկալ մահուան գոյժը մանկապատանեկան տարիներու դասընկերոջս` ԳՈՀԱՐ համոյթի խմբավար, մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին, Նիկոսիոյ մէջ: Լուրը շշմեցուցիչ էր զինք մօտէն թէ հեռուէն ճանչցողներուն համար: Անցեալ տարուան գլխու վիրաբուժութիւնը մտահոգիչ երեւոյթ մըն էր: Իր կեանքին սպառնացող այս կացութեան մէջ, Սեպուհ անզօր կերպով իր մենութեան մէջ պիտի մաքառէր մահուան սպառնալիքին դէմ` ի վերջոյ իյնալու համար գիրկը յաւիտենականութեան: Հայ երգի ու երաժշտութեան սպասարկու սպիտակահեր Սեպուհը հրաժեշտ տուաւ այս սին աշխարհին` լուռ ու մունջ, թերեւս իր հարազատներէն ոչ մէկուն ներկայութեան: Վիրաբուժութենէն ի վեր Գիւմրիէն Նիկոսիա փոխադրուած էր` կազդուրուելու համար: Բայց ափսոս… «Մահը մերն է, ու մենք` մահինը», պիտի ըսէր գրագէտը:
1940-1941 դպրոցական տարեշրջանին սկսայ յաճախել Պէյրութի Ազգային Ս. Նշան վարժարանը (Հայաշէնէն մինչեւ Ս. Նշան` հետիոտն)` իբրեւ երրորդ դասարանի աշակերտ, ուր ես ու Սեպուհը ուս¬ուսի նստեցանք (չորս տարի) առաջին գրասեղանը, մեր կողքին ունենալով Վարուժան Զաւէնը (այժմ` նշանաւոր ճարտարագէտ Պէյրութի մէջ) եւ Տրդատ Աբանեանը: Երկու ամիս ետք` Պէյրութի վրայ անգլիական օդանաւերու ամէնօրեայ ռմբակոծումներուն պատճառով, վարժարանի տնօրէն Յովհաննէս Արուսեանը կաթուածահար կ՛ըլլար «Ֆոշ» պողոտային վրայ գտնուող իր տան մէջ: Արշակ Օհաննէսեան նոր տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէր մէկ տարուան համար: Ապա` Եդուարդ Տարօնեան հրաւիրուեցաւ իբրեւ տնօրէն: Դպրոցի ուսուցչական կազմին մէջ պոլսահայ ուսուցիչներ ալ ունէինք: Մեր դասագիրքերը ընդհանրապէս Պոլիսէն կու գային այդ օրերուն:
Մենք բարեբախտութիւնը ունեցած էինք իբրեւ երգի ուսուցիչ ունենալու Կոմիտաս վարդապետի աշակերտներէն նշանաւոր Բարսեղ Կանաչեանը: Սեպուհը, ես, Վարուժանն ու Տրդատը երգչախումբի առաջին շարքին վրայ կը կենայինք, մինչ Կանաչեան ճպոտը ձեռքին` մեր գլխուն վերեւ իր թեւերը կը շարժէր, երգչախումբը ղեկավարելու համար: Վա՛յ անոր, որ սխալ ձայնով կ՛երգէր:
1944-ին (70 տարի առաջ), Ազգային Ս. Նշան վարժարանի նախակրթարանի բաժինը աւարտեցինք: Հանդիսութիւնն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան աւետարանականներու «Մեմորիըլ հոլ»-ին մէջ, ներկայութեամբ այդ օրերու Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի: Բարսեղ Կանաչեանի ղեկավարութեամբ փունջ մը գեղեցիկ երգերով հանդէս եկաւ աւարտական մեր դասարանը, խելայեղ ծափահարութիւններու արժանանալով: Այսպիսով, հրաժեշտ առինք մեր սիրելի վարժարանէն եւ դասընկերներէն:
Սեպուհ անդրանիկ զաւակն էր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հանրածանօթ եւ Հալէպի ու Պէյրութի ՀՄԸՄ¬ի տարիներու սկաուտապետ Լեւոն Աբգարեանին: Հալէպի եւ Պէյրութի ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչը եղած է Լեւոն Աբգարեան: Մեր դպրոցի մարզանքի ուսուցիչն ալ եղաւ տարիներով: Սեպուհի նկարագրային գիծերը աւելի կիպրահայ մօրը (տիկին Հերմինէ) կը նմանէին, քան իր խստապահանջ սասունցի հօրը: Լեւոն Աբգարեան ուսանած էր Հալէպի ֆրանսական լայիք վարժարանը եւ մասնագիտացած մարզանքի ասպարէզին մէջ:
Սեպուհ շատ պարտաճանաչ, կրթեալ, քաղաքավար եւ ազնիւ տղայ մըն էր: Մեր դպրոցական տարիներուն, Սեպուհ յաճախ ինծի պատմած է, թէ ինք ծնած է Լառնաքա-Պէյրութ գիծին վրայ երթեւեկող կիպրական ճամբորդատար նաւու մը մէջ, 1929-ին:
Աւարտելէ ետք Ազգային Ս. Նշան վարժարանը, Սեպուհին ծնողքը յաջողած էին զինք արձանագրել տալ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Ուստի, 1945-ի ամրան, Սեպուհ Հայաշէն եկաւ` հրաժեշտ առնելու ինձմէ: Կիպրոս երթալէն ետք տարիներով նամակներ փոխանակեցինք իրարու հետ: Սեպուհ դարձաւ յառաջադէմ ուսանող մը Մելգոնեանի մէջ: Քանի մը տարիներ ետք հիմնադիրը եղաւ Կիպրոսի հայկական ռատիոժամին, զոր ձեռնհասօրէն վարեց ամբողջ 46 տարի: Ամէն կիրակի կէսօրէ ետք մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր գաղութները անհամբեր կը սպասէին հայկական գեղեցիկ երգերով հարուստ իր յայտագիրներուն:
Մելգոնեան հաստատութիւնը աւարտելէ ետք, Սեպուհ միեւնոյն հաստատութեան մէջ ուսուցչական պաշտօններ վարեց տարիներով: Իր երաժշտական ասպարէզին զարգացման համար Փարիզ գնաց, ուր մասնագիտանալէ ետք համապատասխան վկայական ստացաւ: Երաժշտութեան մէջ իր ունեցած արժանիքներուն կողքին ան եղած է նաեւ օփերայի երգիչ` ելոյթներ ունենալով զանազան գաղութներու մէջ:
1986¬ին եւ 1988¬ին ընտանիքովս Քուէյթէն Կիպրոս գացինք տարեկան արձակուրդի: Երկու առիթներով ալ Լիմասոլէն Նիկոսիա գացինք Սեպուհին այցելութեան: Շատ ուրախ կ՛ըլլար եւ խանդավառ` մեզ տեսնելով: 1988-ին Լիմասոլ եկաւ մեր մօտ` իր «Վոլզվակըն»-ով, հոն ամբողջ օր մը միասին անցուցինք:
Ինը տարի առաջ Սեպուհ իր ԳՈՀԱՐ համոյթով Թորոնթօ եկաւ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով: Միջնարարին` գիրկընդխառնուեցանք իրարու հետ: «Լեւո՛ն,- ըսաւ ,- քիչ ետք մտիկ ըրէ Սասնոյ երգերն ու պարերը»: Վերջին անգամն էր, որ կը հանդիպէինք: Երկու տարի առաջ Ուրուկուէյ գնաց իր ԳՈՀԱՐ համոյթով` խանդավառելով հայ երգի ծարաւն ունեցող տեղւոյն հայութիւնը:
Իր կորուստով ԳՈՀԱՐ համոյթը ընդհանրապէս եւ հայկական գաղութները մասնաւորաբար կորսնցուցին հայկական երգերու ջահակիր մը եւ երաժշտական բարձր մակարդակով օժտուած թանկագին մայեսթրօ մը:
Իր մեկնումով` յետ Եղեռնի առաջին սերունդին պատկանող Սեպուհը մեծ բաց մը թողած եղաւ իր ետին, մանաւանդ` սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ: Կ՛ուզենք յուսալ, որ ապագային նոր սեպուհներ պիտի գան լեցնելու այդ բացը` շարունակելու համար մեր սքանչելի ու աննման երգերու եւ երաժշտութեան երթը այս համայնակուլ աշխարհին մէջ:
Սիրելի՛ Սեպուհ, հիմա որ մեկնած ես այս տմարդ աշխարհէն, ինծի համար ուրիշ բան չի մնար ըսելիք, եթէ ոչ` գլխագիր յարգանք ու պատիւ հայ երգի, երաժշտութեան եւ մշակոյթին նկատմամբ ունեցած նուիրումիդ եւ վաստակիդ առջեւ:
Պտղունց մը խունկ եւ աղօթք` սիրելի՛ Սեպուհ, անթառամ յիշատակիդ եւ հողակոյտիդ վրայ:
Քանատա


