Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ յայտարարուած այն տեղեկութիւնները, թէ լիբանանեան տարբեր շրջաններու եւ յատկապէս Պիսքանթայի մէջ զինեալ խմբաւորումներ գոյութիւն ունին, անճիշդ են:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակը ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ Պիսքանթայի մէջ ապահովական իր պարտականութիւնները կ՛որդեգրէ ու կը հսկէ քաղաքացիներուն անվտանգութեան, բանակը տարբեր լրատուամիջոցներէն պահանջեց նման լուրեր տարածելէ առաջ զգուշ ըլլալ եւ փաստել, թէ այդ լուրը ստոյգ է, ապա զայն հաղորդել կամ լոյս ընծայել:
Իր կարգին, երեսփոխան Միշել Մըր հերքեց Պիսքանթայի եւ Սաննինի բարձունքներուն վրայ զինեալներու գոյութիւնը: Ան հաստատեց, որ այս տեղեկութիւնները անճիշդ են եւ կը միտին քաղաքացիներուն, մանաւանդ շրջանի բնակիչներուն վրայ վախ ազդել եւ զանոնք մտատանջել:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Սաննինի եւ Հիւսիսային Մեթնի բարձունքներուն վրայ արտասովոր զարգացումներ չկան, այլ` բանակին կողմէ ապահովական կարգ մը միջոցառումներ:


