
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շեշտեց Լիբանանի սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Մորապեթօ ընդգծեց, որ Լիբանան նախ եւ առաջ կարիք ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ ապա հաստատութենական ներկայ տագնապէն դուրս գալու:
«Շատ կարեւոր է նաեւ, որ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն միջեւ միասնականութիւնը ամրապնդուի եւ անիկա դրսեւորուի նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութեամբ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց Փարիզի զօրակցութիւնը` Արեւելքի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն:
Փաուլի խստիւ դատապարտեց Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն գոյութեան դէմ սպառնալիքները` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Արեւելքի մէջ պահպանել քրիստոնեայ միասնականութիւնը:
Փաուլի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի կարենայ գոյատեւել իր սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքով:
Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա 26 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի զօրակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի շեշտէ իր զօրակցութիւնը` բանակին եւ լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ:


