«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ տարբեր ընդդիմադիր ջոկատներու կազմին մէջ կը պատերազմին աւելի քան հարիւր ամերիկացիներ, որոնցմէ շուրջ տասն` ՏԱՀԵՇ խմբաւորման շարքերուն մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ Սթիւ Ուորըն հաստատած է. «Մենք կ՛ենթադրենք, որ Սուրիոյ մէջ կը պատերազմին Միացեալ Նահանգներու անձնագիր ունեցող շուրջ 100 մարդիկ, սակայն մենք յստակ չենք գիտեր, թէ յատկապէս որուն կողքին կը կռուին: Մենք կ՛ենթադրենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կը գտնուին շուրջ տասը ամերիկացիներ»:
Միացեալ Նահանգներու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի ղեկավար Մեթ Օլսըն կը հաստատէ Սուրիոյ մէջ ժիհատական ամերիկացիներու ընդհանուր թիւը: Ըստ անոր տուեալներուն, ընդամէնը երեք տարուան մէջ Սուրիա մուտք գործած է աւելի քան 12 հազար արտասահմանցի վարձկան, ներառեալ` շուրջ հազար եւրոպացի:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ առնուազն 10 իսրայէլացի արաբներ միացած են ՏԱՀԵՇ-ին:


