Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նիւփորթը Սոչիին Դիմաց

September 6, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7899_bՀիւսիսատլանտեան ուխտի համագումարի շրջանակներուն մէջ կիսայանկարծակի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ` նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւի, առաջին հայեացքով Սոչիի հակաքայլ կարելի է դիտարկել:

Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին եւ միջնախագահական բանակցութիւններու երկարատեւ դադարէ ետք, Ֆրանսայի նախագահին կը պատկանէր եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը: Սահմանային գօտիներու վրայ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակը եւ դէպքերու աննախադէպ զարգացումը  ենթահողը պատրաստած էին, որ եռակողմը այլ գերմիջնորդի նախաձեռնութեամբ կայանար: Այդպէս ալ եղաւ:

Սոչիի հանդիպումին մասին ամերիկեան արձագանգը կը խօսէր Արցախեան հարցին ներկայացուցած առաջնային կարեւորութեան մասին: «Անշուշտ, աշխարհի տարբեր անկիւններուն տիրող բարդ իրավիճակները  անհանգստութեան մեծ առիթ են Միացեալ Նահանգներու համար, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը թուլացնէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման անհրաժեշտութեան առաջնայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար: Մեր նպատակն է Եւրոպան ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ տեսնել»: Սոչիի առիթով այսպէս բնորոշած էր Մինսքի ամերիկացի համանախագահը Արցախի ներկայացուցած կարեւորութիւնը:

Ընկերային ցանցերը  ի շարս բազմաթիւ գործառոյթներու, այլընտրանքային լրատուութեան առընթեր այսօր դարձած են նաեւ կիսապաշտօնական տեղեկատուութեան սկզբնաղբիւր: Մինչեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուիլը, արդէն իսկ ամերիկացի համանախագահը թուիթըրեան իր էջին վրայ կը գրէր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները այսօր ներկայ պիտի ըլլան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, կը սպասուի մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ նպատակներուն վերաբերեալ կտրուկ յայտարարութեան:

Ուորլիք պարզ կը դարձնէր, որ Ուաշինկթըն իր աշխատանքային ժամանակացոյցին վրայ նշած է արդէն նման հանդիպում եւ կտրուկ յայտարարութիւն ըսելաձեւով, փորձ կը կատարէ հանրային կարծիքը կողմնորոշելու, թէ բեկումնային յայտարարութիւն կը սպասուի այդ հանդիպումէն: Բեկումնայինի տպաւորութեան ստեղծումով ամերիկացի քաղաքական գործիչը խորքին մէջ կ՛ուզէ նախանշել, որ ռուսական միջնորդութեամբ Սոչիի հանդիպումէն աւելի անկիւնադարձային է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին միջնորդութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կայանալիք եռակողմ հանդիպումը:

Անօրինաչափ չէ, որ նման միջազգային համագումարներուն տեղի ունենան այս տեսակ հանդիպումներ: Օրինաչափ է սակայն, որ նման հանդիպումներ նախապէս  յայտարարուին, ընդհանուր ժամանակացոյցին վրայ երեւին. եւ յայտարարուին համագումարը կազմակերպողին կողմէ, այս պարագային` ՕԹԱՆ-ին:

Ուորլիքի թուիթըրեան գրառումն ու անոր հետեւած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այլեւս պաշտօնական տեղեկատուութիւնը  ամրագրեց, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: Մինչ լուռ էին մինչեւ այդ պահը հանդիպման հրաւիրուած կողմերու պաշտօնական  բաժանմունքները:

Հանդիպումէն մինչ այժմ կտրուկ յայտարարութիւն չէ բխած: Լրատուութիւնները ընդհանրապէս կ՛օգտագործեն արցախեան հարցին մասին  լսուած սկզբունքներն ու անոնց համապատասխանող բառապաշարը:

Երկարատեւ դադարէ ետք, Սոչիէն անմիջապէս ետք երկրորդ հանդիպում կազմակերպելը  աւելի կը համոզէ եղածին հակաքայլ բնոյթին մասին, ռուս-ամերիկեան շեշտուած մրցակցութեան պարունակին մէջ:

Արցախեան հակամարտութիւնը ՕԹԱՆ-ի օրակարգի վերածելու ճիգը այս շրջագիծին մէջ կարելի է դիտարկել: Նիւփորթը Սոչիի այլընտրանք վերածելու այս արագ աշխատանքին մէջ Անգարան իր դերը վերցուցած էր: Պաքուն հանգստացնելու միակ նպատակը չունէր նորընտիր նախագահը, երբ իր առաջին այցելութիւններու շարքին  Ազրպէյճանը նկատի կ՛ունենար: Աւելի՛ն. կը յայտարարէր, որ Արցախի հարցը պիտի արծարծուի ՕԹԱՆ-ի համագումարին:

Ուորլիքի խոստացած կտրուկ յայտարարութիւնը չտեսանք. տեսանք կտրուկ հանդիպումի մը կազմակերպումը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին Յայտարարութիւն Տարածած Է

Յաջորդը

Նէյմար Նշանակուեցաւ Պրազիլի Խմբապետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.