
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ յայտարարեց. «Դաշինքը լրջութեամբ պիտի քննարկէ իրաքեան կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջամտութեան որեւէ առաջարկ»:
Մինչ այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Մուսուլի մէջ ամերիկեան օդուժի մէկ յարձակումին պատճառով սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի աջ բազուկը` Ապու Հաժեր Սուրին:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ականաւոր փորձագէտներ հաւանական կը նկատեն, որ ՏԱՀԵՇ արդէն Բրիտանիոյ տարածքին մեծութեամբ տարածքի կը տիրէ եւ քարիւղի առուծախէն, առեւանգեալներու համար վճարուած փրկագիներէն եւ կարգ մը կողմերէ ֆինանսաւորումներէն օրական շուրջ հարիւր հազար սթերլինկ շահ կ՛ապահովէ: Անոնք նաեւ կը նախատեսեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն թիւը 10 հազար է:
Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ հակառակ խմբաւորման ուժին, կարելի չէ զայն անպարտելի նկատել` նշելով, որ կարելի է զայն պարտութեան մատնել միջազգային գործընկերներ ներառող դաշինքի մը ճամբով:


