
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր խըխըզ պաշտօնակիցին` Էրլան Ապտըլտայեւի հետ բանակցութիւններու աւարտէն ետք յայտարարած է, որ Խըրխըզիստանի` Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին:
«Մենք շահագրգռուած ենք, որ 29 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի նախագահներու սկզբունքային համաձայնութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ գործադրուին», ըսած է ան:
Լաւրով նաեւ ողջունած է Խըրխըզիստանի կառավարութեան կողմէ որդեգրումը շարք մը որոշումներու, որոնք հաւանութեան կ՛արժանացնեն երկրի` Մաքսային Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ զուգահեռաբար կ՛աւարտի ռուս-խըրխըզական փաստաթուղթերու համաձայնեցումը: «Այդ բանակցութիւնները մօտ են իրենց աւարտին: Յոյսով եմ, որ մօտ ատենէն անոնք ստորագրուին», ըսած է Լաւրով:


