«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութենէն` ՍՈՔԱՐ-էն յայտնած են, որ Ազրպէյճան ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է դէպի Ռուսիա կազամատակարարումը` վերանորոգման աշխատանքներու պատճառով:
«Դէպի Ռուսիա կազի արտածումը դադրեցուած է Պաքու-Գուբա-Ռուսիոյ հետ սահման ինքնաշարժներու ճամբայի մնացեալ հատուածի շինարարութեան, ինչպէս նաեւ անմիջապէս կազի փոխադրութեան ենթակառուցուածքին մէջ վերանորոգման աշխատանքներու պատճառով», նշած են ընկերութենէն:
Կազի մատակարարման վերականգնման ժամկէտները տակաւին յայտնի չեն:
Մէկ տարուան ընթացքին ասիկա արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը դադրեցուի Ազրպէյճանէն Ռուսիա կազի մատակարարումը: Նախորդ անգամ ատիկա եղած էր յունուարին եւ վերականգնուած էր յունիս 2014-ին` ինքնաշարժի ճամբու շինարարութեան պատճառով:


