Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարներուն յղած իր նամակներուն ընդմէջէն պահանջեց, որ լիբանանեան ժողովրդային պարը (տապքէ) ներառուի նախակրթարանի եւ երկրորդականի կրթական ծրագիրներուն մէջ:
Այանեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ այդ պարը կրնայ մոռցուիլ եւ սովորութիւն ու աւանդութիւն ըլլալէ դադրիլ:
Փոլ Այանեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան ժողովրդային պարը, որ լիբանանեան աւանդ է եւ ազգային միասնականութեան ոգին կը դրսեւորէ:


