Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւուշի Մարզպետը Եւ Ազրպէյճան Կը Հաստատեն Հայաստանի Քաղաքացիին Գերեվարման Փաստը

September 4, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
 Յովիկ Աբովեան
Յովիկ Աբովեան

Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեան նախանցեալ  օր  հաստատեց, որ Նոյեմբերեան քաղաքի բնակիչ Սարգիս Անանեան, վերջերս անցնելով հայ-ազրպէյճանական սահմանը, յայտնուած է ազրպէյճանական գերութեան մէջ:

«Սարգիս Անանեան վերջերս վերադարձած էր Ռուսիայէն: Երկու որդիները կ՛ապրին Երեւանի մէջ: Երկուշաբթի լսեցինք, որ ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուածը Սարգիս Անանեանն է: Այդ հատուածին մէջ, ուրկէ Անանեան անցած է սահմանը, կը գտնուի իր արտը: Կը մտածենք, թէ կրնայ ըլլալ, որ իր արտին մէջն էր, ապա անցած է սահմանը», ըսաւ մարզպետը:

Պաշտօնական Պաքու նոյնպէս  հաստատած է Հայաստանի քաղաքացիին գերեվարման փաստը: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ 53-ամեայ Անանեան, 26 օգոստոսին անցնելով հայ-ազրպէյճանական սահմանը, յայտնուած է Ղազախի շրջանի Քեմերլի գիւղին  մէջ:

Ազրպէյճանական կողմը կը պնդէ, թէ Սարգիս Անանեան դժգոհ է Հայաստանի ծանր ընկերային պայմաններէն, այդ պատճառով ալ անցած է սահմանը:

Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրին, Անանեան  առողջական վիճակին պատճառով 10 տարեկանէն ուսում  չէ ստացած, պիտանի չէ եղած զինուորական ծառայութեան համար եւ ստիպուած վարձու աշխատանք կատարած է:

Մարզպետ Յովիկ Աբովեանի տեղեկութիւններով,  ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած Սարգիս Անանեան ո՛չ առողջական խնդիրներ ունեցած է, ո՛չ ալ դժգոհած է ընկերային պայմաններէն:

«Ընդհանրապէս ոչ մէկ դժգոհութիւն եղած է անոր կողմէ, ինք այստեղ չէ ալ ապրած: Ինք պատահական իր արտէն  թերեւս շփոթած անցած է ազրպէյճանական սահմանը: Ոչ մէկ անգամ դժգոհութիւն յայտնած է, եթէ դժգոհէր, ես, բացի անկէ որ մարզպետն եմ, իբրեւ Նոյեմբերեանի շրջանի բնակիչ, կը գիտնայի: Քաղաքապետին եւս դժգոհութիւն չէ յայտնած: Այնպէս որ ատիկա Ազրպէյճանի հերթական գրգռութիւնն է», ըսած է Աբովեան:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ նաեւ  կը նշուի, որ Հայաստանի գերեվարուած քաղաքացին կը գտնուի  բժշկական հսկողութեան տակ եւ անոր հետ կը վարուին միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համապատասխան:

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմէն Գաբրիէլեան իր կարգին  հաստատեց, որ 25 օգոստոսէն  Նոյեմբերեանի մէջ անհետացած է Սարգիս Անանեան անունով քաղաքացի մը, հիմա ստուգումներ կը կատարուին ճշդելու, թէ արդեօք այդ անձը նոյն այն քաղաքացի՞ն է, որ յայտնուած է ազրպէյճանական գերութեան մէջ:

Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Գալստեան ըսաւ, որ իրենք դիմած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` խնդրելով կարելիութիւն ընձեռել տեսակցելու  Հայաստանի քաղաքացիին հետ:

Ազրպէյճանական լրատու միջոցները Հայաստանի քաղաքացիի  գերեվարման մասին գրած էին տակաւին  շաբաթ մը առաջ, սակայն լուրը պաշտօնապէս չէր հաստատուած:

Նախորդը

Աստուածածնայ Եկեղեցւոյ Մէջ Վերանորոգուած Մկրտարանի Օծում

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.