Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 1 սեպտեմբերին այցելած է պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական բուժարան, զինուորական հիւանդանոց:
Ըստ նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան, այցելութեան նպատակը սահմանագիծին մօտ ականազերծումի աշխատանքներ կատարելու ընթացքին ականի պայթումի պատճառով վիրաւորուած չորս զինուորականներուն հետ տեսակցիլն էր:
Նախարարը զրուցած է վիրաւոր զինուորականներուն եւ բժիշկներուն հետ, հետաքրքրուած բուժման հետագայ ընթացքով եւ առողջութիւն մաղթած հայրենիքի պաշտպաններուն:


