Մոսկուայի պետական «Նոր մանեժ» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Նայէ պատերազմի աչքերուն» ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է խորհրդային եւ հետագայ տարիներուն գրեթէ մոռցուած Ա. Համաշխարհային պատերազմին: Ցուցադրութիւնը ձեւաւորուած է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու քանի մը տասնեակ արխիւներու եւ թանգարաններու նիւթերուն հիման վրայ: Անոնց շարքին են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նիւթերը: Ի տարբերութիւն սովորական ցուցադրութեան, առաջին անգամ ցուցահանդէսը ներկայացուած է փոխադարձ ներգործութեան ձեւաչափով, բազմազան լսատեսողական եւ թուային հնարքներու լայն կիրարկումով, որ ստեղծած են բացառապէս Ռուսիոյ մասնագէտները: Ցուցահանդէսի առաջին պատուոյ այցելուներէն մէկը հանդիսացաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:
Ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ 8 ապրիլ 1915-ի էջը նշուած է իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութեան սկիզբ: Ցուցադրութեան մէջ առնուած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն ամբողջ ժողովուրդի մը դէմ իրականացուած ամէնէն վայրագ յանցագործութեան մասին:
Ըստ Ռուսիոյ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ելենա Նեւզորովայի, աշխարհը կը նշէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբի 100-ամեակը, որ կարեւոր է ոչ միայն Ռուսիոյ պատմութեան, այլ նաեւ աշխարհի երկիրներու մեծամասնութեան համար: Բնականաբար, Ռուսիա չէր կրնար չնշել այս թուականը, ցոյց չտալ, որ այդ պատերազմը ինչ քաղաքական հետեւանքներ ունեցաւ: Ի՛նչ որ տեղի ունեցած է Համաշխարհային Ն. պատերազմին ընթացքին, պէտք է լայնօրէն ներկայացուի հանրութեան: Պէտք չէ մոռնալ, որ զոհուած են միլիոնաւոր ռուսեր, ոչնչացուած են ժողովուրդներ: Այս ցուցահանդէսին մէջ Հայաստանի արխիւային աղբիւրներէն ներկայացուած նիւթերը շատ կարեւոր են այն ժամանակուան իրադարձութիւնները հասկնալու համար:
«Ռուս-հայկական համագործակցութեան» նախագահ Եուրի Նաւոյեանի խօսքով, Համաշխարհային Ա. պատերազմին նուիրուած ցուցահանդէսին հայկական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը, ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն պատրաստութեան ռուսական ծրագիրին մաս կը կազմէ: «Ատիկա համահունչ է եւ կը ներդաշնակուի Համաշխարհային Ա. պատերազմի իրադարձութիւններուն լուսաբանումը կազմակերպելու Ռուսիոյ պետական ծրագիրին: Ինչպէս գիտենք, այդ պատերազմէն շատ էջեր երկար ժամանակ անտեսուած էին եւ կը պահուէին: Անշուշտ, անտեսուած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Կը յուսամ, որ ցուցահանդէսը կազմակերպող խորհուրդին հետ մեր համագործակցութիւնը կու տայ իր դրական արդիւնքը: Տարբեր երկիրներու համաշխարհային ճանաչում եւ հեղինակութիւն ունեցող թանգարաններու եւ արխիւներու նիւթերու հետ նոյն ցուցադրութեան մէջ հայկական փաստաթուղթերու ներկայութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուազ յայտնի փաստերուն առանձին իմաստ եւ կշիռ կը հաղորդէ»:


