Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր մարզիկը` մեքսիքացի յառաջապահ Խաւիէ Չիքարիթոն, որ 2014-2015 տարեշրջանին համար Մանչեսթըր Եունայթըտէն փոխ տրուեցաւ սպանական կազմին:
26 տարեկան Չիքարիթօ, որ երէկ ենթարկուեցաւ յաջող քննութիւններու, սպանական կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 14 շապիկով:
Անոր համար Ռէալ Մատրիտ պիտի վճարէ 2 միլիոն եւրօ:


