Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՌԱՆՑ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՈՐԵՒԷ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ

July 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ազրպէյճանական կառավարութեան նիստին մասնակցելէ ետք ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Արցախի հիմնախնդիրին, մասնաւորաբար` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն:

«Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վերջին միացեալ յայտարարութիւնը շատ յուսադրող է եւ կը բաւարարէ մեզ: Այդ յայտարարութեան մէջ յղում կար Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին: Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը ներկայացուած է իբրեւ տագնապի լուծման հիմք: Միեւնոյն ժամանակ, յստակ ուրուագծուած է տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ տագնապի լուծումը», յայտնեց ան:

Ըստ Ալիեւի, երկրորդ կարեւոր կէտը այն է, որ համանախագահները կը նշեն, թէ սթաթիւս քոն փոփոխութեան ենթակայ է:

Իբրեւ երրորդ կարեւոր կէտ` Ազրպէյճանի նախագահը ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները խիստ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն խնդիրի լուծման գործին մէջ:

Անդրադառնալով Մատրիտեան սկզբունքներուն` Ալիեւ նշեց, որ այդ հարցին մէջ անհամաձայնութիւններ եւ կասկածներ պէտք է ըլլան: «Ես կը կարծեմ, որ եկած է ժամանակը, երբ մենք պէտք է այդ մասին բարձրաձայն խօսինք: Այդ սկզբունքներով կը նախատեսուի Ազրպէյճանի 5 շրջաններէն դուրս բերել հայկական զօրքերը: 6 տարի ետք անոնք դուրս պիտի բերուին նաեւ այլ 2 շրջաններէ: Տեղւոյն բնակչութիւնը պիտի վերադառնայ հայրենի տուներ, իսկ Արցախին պիտի տրուի ժամանակաւոր կարգավիճակ: Ազրպէյճանական, ինչպէս նաեւ հայկական բնակչութեան անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն խաղաղապահ ուժերը», ըսաւ ան:

Ալիեւ նաեւ նշեց, որ կրնայ ընդունուիլ Հայաստանին եւ Արցախին միջանցք տրամադրելու առաջարկը:

Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի սահմանումին, Ալիեւ նշեց, որ 2009-ի սկզբունքներուն մէջ նշուած էր, որ ատիկա ապագայի խնդիր է եւ կողմերու համաձայնութեան պարագային ատիկա կրնայ իր լուծումը գտնել: Ըստ անոր, առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ իրաւական կարգավիճակ չի կրնար ունենալ: «Այդ իսկ պատճառով ես բազմիցս յայտարարած եմ եւ այսօր ալ կ՛ուզեմ ըսել, որ Ազրպէյճանէն Լեռնային Ղարաբաղի անջատումը, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրումը կամ Հայաստանին անոր միացումը երբեք չէ եղած եւ չի կրնար բանակցութիւններու նիւթ ըլլալ: Ո՛չ Ազրպէյճանի ժողովուրդը, ո՛չ ալ իշխանութիւնները երբեք ատիկա պիտի չընդունին», ընդգծեց ան:

Ալիեւ նաեւ աւելցուց, որ հայկական կողմը դարձեալ Ազրպէյճանին կը սպառնայ պատերազմով:

«Անոնք կը սարսափին պատերազմէն եւ միաժամանակ մեզի կը սպառնան պատերազմով: Մենք կը զարգանանք, կը զօրանանք, մեր ժողովուրդը կը հարստանայ, իսկ անոնք կ՛ապրին կարիքի մէջ: Վերջին վեց ամսուան ընթացքին այդ երկիրը լքեց 70 հազար հայ: 5-10 տարի անց այնտեղ պիտի մնայ միայն 1 միլիոնէն նուազ բնակչութիւն: 5-10 տարի անց մեր ազգաբնակչութիւնը պիտի ըլլայ 11 միլիոն, իսկ անոնցը` 1 միլիոն: Բոլորը շատ լաւ կը հասկնան, որ ատիկա ինչ կը նշանակէ: Մենք կրնանք այդ ճամբով լուծել հարցը: Այդ իսկ պատճառով միջազգային աշխուժութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ հարցը արագ լուծուի: Մենք ալ ատիկա կ՛ուզենք: Բայց, կը կրկնեմ, Մինսքի խմբակին կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն հիման վրայ», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՍԱՌԵՑՆԵԼ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։