Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Սատըրի Անհետ Կորսուելուն 36-Ամեակին Առիթով . Պըրրի Կը Հաստատէ Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւններուն Առաջնահերթութիւնը

September 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի` պատկերասփռուած խօսքին ընթացքին
Պըրրի` պատկերասփռուած խօսքին ընթացքին

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անհետ կորսուելուն 36-րդ տարելիցին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այն Թինէէն արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք չէ  առանց գլուխի պահել», ըսաւ ան:

Պըրրի շեշտեց լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները առկայ են եւ տակաւին կան երկիրներ, որոնք կը շարունակեն զէնք ու զինամթերք տրամադրել բանակին:

Անդրադառնալով հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` Պըրրի ընդգծեց, որ անոր դէմ պայքարը միայն սիւննի համայնքին պարտականութիւնը չէ, իսկ Իսրայէլի դէմ պայքարը միայն շիի համայնքին պարտականութիւնը չէ, միւս կողմէ` փոքրամասնութիւններու բռնագաղթին դէմ պայքարը միայն քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը չէ, այլեւ` այս բոլորը ազգային միացեալ պատասխանատուութիւն կը նկատուին: «Հետեւաբար ահաբեկչութեան, իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ բռնագաղթին դէմ պայքարը ազգային պատասխանատուութիւն է, որ կը մղուի պետութեան կողմէ եւ պէտք է վերածուի արաբական ու միջազգային միացեալ պատասխանատուութեան», ըսաւ ան:

Պըրրի վերահաստատեց բանակը հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը` զինուորներուն թիւը եւ անոր զէնքերը աւելցնելու առումով:

Պըրրի կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը չխոչընդոտելու եւ երկիրը ահաբեկչութեան ենթակայ չդարձնելու:

Պըրրիի արտասանած խօսքին ընթացքին Պէյրութի շրջակայքին եւ Սայտայի մէջ արձանագրուեցան ուրախութեան կրակոցներ:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան լիբանանեան պատկերասփիւռի ութ կայաններ` «Թելէ Լիպան», «Էն. Պի. Էն.», «Մուսթաքպալ», «Էլ. Պի. Սի.», «Օ. Թի. Վի.», «Էմ. Թի. Վի.», «Ժատիտ» եւ «Մանար»  միացեալ լրատուութիւն մը սփռեցին` իմամ Մուսա Սատըրի անհետ կորսուելուն 36-ամեակին առիթով:

Լրատուութեան մէջ շեշտուեցաւ իմամ Մուսա Սատըրի քաղաքական եւ ազգային համոզումներուն իրաւացիութիւնը` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը պահպանելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը պահպանելու առումով:

Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ` շեշտելով, որ այսօր անհրաժեշտ է որդեգրել իմամ Մուսա Սատըրի փորձառութիւնը եւ որդեգրել անոր քաղաքական ուղեգիծը` լիբանանցիներուն հասարակ յայտարարներուն շուրջ:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իմամ Սատըրի մօտեցումը` լիբանանեան ազգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան շուրջ` պէտք է ըլլայ փաստ մը, որ պէտք է մղէ լիբանանցիները վերջ տալու համայնքային եւ քաղաքական երկփեղկումին եւ լարուածութեան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Մուսա Սատըր եւ անոր համոզումներուն ճշգրտութիւնը պէտք է միացնեն լիբանանցիները:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշակի Հրկիզում եւ Իսլամական Արձանագրութիւններ

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Նիստի Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.