Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱ ԴԷՄ Է ԱՍԱՏԸ ՄԵԿՈՒՍԱՑՆԵԼՈՒՆ ԵՒ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՆՈՐ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ

July 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ Քլինթըն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուա այն տեսակէտը ունի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց նկատմամբ, որ Սուրիոյ կացութիւնը պէտք է լուծել քաղաքական համապարփակ եւ առանց որեւէ մէկը բացառելու քաղաքական երկխօսութեան ձեռնարկելով:

Պատասխանելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ որոշումի մը առնչութեամբ Մոսկուայի ընդդիմութեան վերաբերող հարցումի մը` Լաւրով ըսաւ, որ առանց շինիչ օրակարգ առաջարկելու պարզապէս Սուրիոյ նախագահը դատապարտելը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ, մանաւանդ որ ներկայիս պահանջուածը պատասխանատու կեցուածք մըն է, որ հեռու ըլլայ Սուրիոյ զարգացումներուն այս պահու նեղ պահանջներէն:

Լաւրով նշեց, որ միջազգային ընտանիքը  Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերուն նկատմամբ օրինակելի կեցուածք որդեգրեց, երբ մերժեց Եմէնի տագնապի կողմերէն մէկը դատապարտել կամ անոր զօրակցիլ: Ան յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու անոր համակիր ուժերը մեկուսացնելուն, որովհետեւ Ասատ, հակառակ բազմաթիւ սխալներ գործելուն, մինչեւ հիմա բարեփոխումներ կատարելու մտադրութիւն ցոյց կու տայ, երկու առիթով համաներում շնորհեց եւ երկրին մէջ ազգային երկխօսութեան հոլովոյթի ձեռնարկեց:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Ասատի հետ երկխօսութիւնը չմերժելու, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդին շահերուն չհամապատասխանող լիպիական դիպաշարը չկրկնուի:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Սիւզըն Ռայս նախատեսեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները արգելք հանդիսանան, որ Սուրիոյ ենթադրեալ հիւլէական գաղտնի գործունէութեան շուրջ անմիջական համաձայնութիւն գոյանայ»:

Ան աւելցուց, որ Վիեննայի քուէարկութենէն յստակ դարձած է, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ, ներառեալ` վեթոյի իրաւունքը ունեցող անդամներ Սուրիոյ հարցը Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցելու քայլին դէմ են: «Անհաւանական է, որ այս անգամ խորհուրդին մէջ տրուելիք որոշումին զօրակցելու պատրաստակամութիւն ունենան», ընդգծեց Ռայս:

Նախորդը

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀԱԿԱԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼԷ

Յաջորդը

ՎԱՌՆԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԱՐՁԱՆԸ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։