Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատուկ Հանդիսութեան Մը Ընթացքին. Կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2014-ը Յայտարարուեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին Կայացման Օրը

August 30, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0829_may-khalilՊէյրութի 2014-ի միջազգային Մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 նոյեմբեր 2014-ին: Այս գծով պաշտօնապէս յայտարարեց Պէյրութի Մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Սփորթինկ Քլապ» ակումբին մէջ (Ռաուշէ)` ներկայութեամբ մեծաթիւ մարզասէրներու եւ հրաւիրեալներու:

Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Հասան Տիապ, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահը, Սպանիոյ, Լեհաստանի, Հոլանտայի, Սլովաքիոյ եւ Ուրուկուէյի դեսպանները, զինուորական եւ պետական անձնաւորութիւններ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ներկայացուցիչը, Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ, ֆետերասիոններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

0829_photo-allՆերկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք Հասան Մուհիէտտին Պէյրութի Մարաթոնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով հրաւիրեց Մէյ Խալիլը, որ արտասանէ իր խօսքը:

Իր խօսքին մէջ Խալիլ ըսաւ, որ բաղդատմամբ նախորդ տարուան, այս տարի մրցանակներու համար տրամադրուած ընդհանուր գումարը, փոխան 100 հազար ամերիկեան տոլարի, պիտի ըլլայ 250 հազար ամերիկեան տոլար:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ մասնակցին այս Մարաթոնին` նկատի ունենալով, որ անիկա բոլոր  լիբանանցիները իրարու միացնող կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է:

Այս առիթով իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին քաղաքապետ Համատ, նախկին նախարար Պարուտ եւ ուրիշներ, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին Մարաթոնին առաքելութիւնը եւ անոր մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ:

 

Նախորդը

«Փրեմիեր – Լիկ». Այսօր` Էվըրթըն – Չելսի

Յաջորդը

Վարորդներուն Կողմէ Ցուցադրական Մրցումէ Մը Ետք. Պէյրութի Ուոթըր Ֆրոնթի Շրջանէն Ազդանշանը Տրուեցաւ Լիբանանի 37-րդ Միջազգային Ռելիին

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.