Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1964)

August 30, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Կեանք

Պետական Պաշտօնեաներու Թոշակները
5-15
Առ Հարիւր Յաւելում Պիտի Կրեն

Յատուկ յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն էր ուսումնասիրել պետական պաշտօնեաներուն կացութիւնը` ընկերային եւ նիւթական զոյգ գետիններու վրայ, իր տեղեկագիրը ներկայացուց հանրապետութեան նախագահութեան պատկան սպասարկութիւններուն:

Վերոյիշեալ յանձնախումբը դիտել կու տայ, թէ պետական պաշտօնեաներու այժմու թոշակները թոյլ չեն տար, որ անոնք հոգան իրենց ընտանիքներուն ծախսը, մանաւանդ` փոքր պաշտօնեաներու  պարագային: Հետեւաբար կը յանձնարարէ այս վերջիններու թոշակները 10-15 առ հարիւր համեմատութեամբ բարձրացնել, իսկ բարձրաստիճան պաշտօնեաներունը` 5-10 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Տարակարծութիւններ ծագած էին յանձնախումբին մէջ, որուն անդամներէն ոմանք, համաձայն ըլլալով հանդերձ թոշակներու բարձրացման, կ՛ուզէին, որ աշխատանքի ժամերու թիւը աւելնայ, առաջարկելով, որ պաշտօնեաները աշխատին կէսօրէ առաջ եւ ետք: Բայց այս տեսակէտը չընդունուեցաւ եւ որոշուեցաւ ամսականները աւելցնել:

Հանրապետութեան նախագահը, որ մեծ հետաքրքրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ տեղեկագիրը, պատուիրած էր, որ ընտանեկան յատկացումները եւս յաւելում կրեն, այնպէս մը, որ պաշտօնեայի մը կինը փոխանակ 15 լ. ոսկի ստանալու ամիսը, ստանայ 50 լ. ոսկի:

Միւս կողմէ, վարչապետութեան փոխանցուած է հրամանագիրներու առաջին շարք մը` քատրի մէջ առնելու համար առժամապէս գործի առնուած 3,200 պետական պաշտօնեաներ:

Նախարարաց խորհուրդը այս մասին իր վճիռը պիտի տայ սեպտեմբեր 9-էն առաջ:

Պէյրութ-Դամասկոս Մայրուղիի Շինութեան Հարցը

Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիի մը շինութեան ծրագրի ուսումնասիրութեան պարտականութիւն ունեցող յանձնախումբը հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ժորժ Նաքքաշի նախագահութեան տակ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին շարունակեց ծրագրին թեքնիք, տնտեսական եւ ելեւմտական երեսներուն քննութիւնը:

Յետ վիճաբանութեան, միաձայնութեամբ անհրաժեշտ նկատուեցաւ Դամասկոսի ներկայ ճամբուն զուգահեռ նոր ճամբու մը կառուցումը:

Գալով Պայտարի տակը շինուելիք փապուղիին, որոշուեցաւ անոր իրագործումը քննել Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիի հրամայականներու լոյսին տակ եւ բաղդատական ուսումնասիրութիւն մը կատարել փապուղիի եւ պարզ ճամբու մը առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն մասին: Որոշուեցաւ փապուղիի մասին արդէն իսկ եղած ուսումնասիրութիւնները ընդլայնել:

Ժ. Նաքքաշ ընդգծեց, թէ Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիի ծրագիրը պէտք է ուսումնասիրուի Միջերկրականը Արաբական ծոցին կապող հաղորդակցութեան          ճամբու մը շինութեան հեռանկարով:

Արաբական Բժշկական Համալսարան
Աւազուտքի Բանտին Հողին Վրայ

Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Արաբական համալսարանին միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Աւազուտքի բանտին գնման համար:

Արաբական համալսարանը մտադիր է Աւազուտքի բանտին հողին վրայ կառուցել տալ արդիական շէնքեր, որոնք պիտի ըլլան կեդրոնը բժշկական համալսարանի մը:

Բանակցութիւնները արդիւնք մը պիտի տան յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ երթեւեկի կանոնաւորման յանձնախումբը որոշած է արտօնագիրները գրաւել այն վարորդներուն, որոնք կրկնակի կերպով խախտում կ՛արձանագրեն:

ՈՒԶԱՀԻի մէջ Ղազի Ահմետ Շեհապ Արապ անուն 23 տարեկան երիտասարդ մը դաշունահարեց իր քոյրը` Սուատ, որ անպատիւ ընթացքի մէջ գտնուած էր:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լոփպուրի Տաճարները` Կապիկներուն Թագաւորութիւնը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.