Իր լուրը քաղելով Բանանց Երեւանի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Բանանցի միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան երկկողմանի համաձայնութեամբ տեղափոխուեցաւ Մեթալուրկ Տոնեցք:
Շարունակելով իր լուրը` հայկական աղբիւրը կ՛ըսէ, որ Մեթալուրկի կազմին մէջ Յովսէփեան Հայաստանի հաւաքականին միակ ներկայացուցիչը պիտի չըլլայ, որովհետեւ Կարլեն Մկրտչեան կը պատրաստուի վերադառնալու ուքրանական ակումբ:
Յովսէփեան անցեալ մայիսին նշեց իր նորամուտը Հայաստանի հաւաքականին հետ: Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Ալճերիոյ եւ Գերմանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումներուն հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ:
Նշենք, որ 22 տարեկան միջնապահը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտի կողմէ հրաւիրուած է հաւաքական, որպէսզի իր մասնակցութիւնը բերէ Լաթվիոյ եւ Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:


