Անգլիոյ ֆութպոլի Լիկայի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 4-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը կրեց Գ. դասակարգին մաս կազմող Միլթըն Քեժնես Տոնս խումբէն: Ուիլ Կրիկ եւ Պենիք Աֆոպէ նշանակեցին երկուքական կոլ:
Եունայթըտի կրած այս պարտութիւնը խումբին մարզիչ Լուիս Վան Կաալը շարունակեց ձգել առանց յաղթանակի` Անգլիոյ մէջ, հակառակ անոր որ տարեշրջանին նախօրեակին տեղի ունեցած մրցումներուն անոր կազմը բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունեցաւ:
1995-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Եունայթըտ դուրս կը մնայ Բ. հանգրուանէն եւ առաջին անգամ ըլլալով անիկա այս մրցաշարքին չորս կոլ կը ստանայ համեմատաբար աւելի վարին դասակարգի մաս կազմող խումբէ մը:
Մանչեսթըր Եունայթըտի նման մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Ուեսթ Համ` փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Գ. դասակարգին մաս կազմող Շեֆիլտ Եունայթըտէն:
Բ. դասակարգին մաս կազմող Նոթինկհամ Ֆորեսթ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Հատըրսֆիլտ Թաունին (Բ. դասակարգ):
Նիւքասըլ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կիլինկհեմին (Գ. դասակարգ), իսկ Սաութհեմփթըն` Միլուոլին (Բ.), 2-0 արդիւնքով:
Սակայն բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող խումբերէն Լայսթըր Սիթի եւ Պըռնլի իրենց կարգին հետեւեցան Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ուեսթ Համի օրինակին եւ հրաժեշտ տուին այս մրցաշարքին:


