Պորուսիա Տորթմունտ եւ Մանհէյմի Վալտհոֆ ֆութպոլի խումբերը իրարու դէմ կատարեցին մրցում մը` վերջինիս դաշտին վրայ:
Բարեգործական այս մրցումը տեղի կ՛ունենար` «Պունտըսլիկայի մէջ` ինչպէս 25 տարի առաջ» խորագիրին տակ: Վերջին անգամ խումբերը իրարու դէմ յանդիման եկած էին 1989-ին «Պուտնըսլիկա»-ին մէջ, եւ Վալտհոֆ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Սակայն այս անգամ Տորթմունտ ինք եղաւ յաղթականը` 4-0 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմին հետ, կատարեց առաջին կոլին փոխանցումը:


