«Տը Թելեկրաֆ»-ի համաձայն, Արսենալի մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Կիրու շատ հաւանաբար ֆութպոլի դաշտերէն երեք ամիսով բացակայի` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Եթէ այսպիսի բան մը տեղի ունենայ, լոնտոնեան կազմը, նախքան մարզիկներու փոխանցումներու սակարանին փակուիլը, իրեն պիտի միացնէ այլ յառաջապահ մը:
Կը խօսուի շարք մը անուններու մասին, սակայն ակումբը այս ուղղութեամբ ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ կը յայտարարէ` սպասելով բժիշկներուն կատարելիք պաշտօնական յայտարարութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ կարգ մը մարզիկներու մասին մօտէն հետաքրքրուելով:


