Անգլիական ֆութպոլի խումբերէն Էվըրթընի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եռակի յաղթող, քամերունցի անուանի յառաջապահ Սամուէլ Էթուի հետ:
33 տարեկան ֆութպոլիստը իբրեւ ազատ մարզիկ միացաւ լիվըրփուլեան ակումբին` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Էթու Չելսիի հետ 21 մրցումի ընթացքին նշանակեց 9 կոլ:


