
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան արժանթինեան կողմի նախաձեռնութեամբ չորեքշաբթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Թիմերմանի հետ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, զրոյցին ընթացքին նախարարները քննարկած են Հայաստանի նախագահին յուլիսին Արժանթին կատարած այցելութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը:
Նալբանդեան եւ Թիմերման կարեւոր նկատած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու կայացումը:


