
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերջերս Եարզէի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցած է պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:
«Նաշրա» կայքը, որ քուէյթեան «Անպա» թերթին վերագրեց իր տեղեկութիւնները, աւելցուց, որ հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, շրջանային ժխտական (Իրաքի քրիստոնեաներու կացութիւնը…) թէ դրական (Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ մերձեցման ճիգերը…) իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:


