«Երկրին քաղաքական ու ապահովական պայմանները կ՛առաջադրեն յաւելեալ միասնականութիւն ցուցաբերել», յայտարարեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ երէկ արեւելեան Սայտայի քրիստոնեայ մարմիններուն տուած իր այցելութեանց ընթացքին` գլխաւորելով Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը:


