«Երկիրը կ՛ապրի խիստ դժուար պայմաններու մէջ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանին սպառնացող վտանգը սպառնալիք է նաեւ բոլորին նկատմամբ», յայտարարեց նախարար Իլիաս Ապու Սաապ, երէկ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին տուած իր այցելութեան աւարտին:
Այս առիթով Ապու Սաապ հերքեց, որ կրթութեան նախարարութեան հրապարակած վկայագիրները կը մերժուին արտասահմանի կարգ մը համալսարաններուն կողմէ:


