Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղուլեան. «Մինչեւ 2015 Արցախ Ենթակառուցուածքային Շատ Աւելի Զարգացած Համակարգ Կ՛ունենայ»

August 27, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0826_GhoulianԱրցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի բնորոշումով, վերջին շրջանի իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ երբ սահմանին իրավիճակը քիչ մը լարուի, հայերը շատ աւելի դիւրին կը համախմբուին:

Ս. Էջմիածինի նախաձեռնութեամբ եւ «Ուըրլտ վիժըն»-ի կազմակերպած Արցախ ուխտագնացութեան ծիրին մէջ Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ղուլեան պատասխանած է քանի մը հարցումներու: Բացի սահմանային վերջին դէպքերէն, ան անդրադարձած է Արցախի մէջ երիտասարդներու գործի ապահովման, ծնելիութեան, վերաբնակեցման, հաղորդակցութեան, միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան եւ այլ հարցերու:

Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ վերաբնակեցման հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ Արցախի ժողովրդագրական զարգացման ծրագիրը միշտ առաջնահերթութիւն ունենալով` պէտք է հետեւողականօրէն աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:

«Փանորամա»-ի թղթակիցը հարցուցած է, որ արդեօք կա՞ն երիտասարդ ընտանիքներու աջակցութեան եւ ծնելիութեան խթանման ծրագիրներ. Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանած է, որ անոնք բազմաբնոյթ են եւ թուարկած է քանի մը հատը: Ան յատկապէս յայտնած է, որ Արցախի մէջ ապրող ընտանիքը իւրաքանչիւր նորածինի համար գումար կը ստանայ, իսկ 6-րդ երեխայէն սկսած` նոր բնակարան:

«Վերջին տարիների համեմատ բնակչութեան ոչ շատ աճ է եղել, ոչ էլ նուազել է: Ես չեմ կարող ասել, որ արտագաղթ չկայ, բայց դա այն ծաւալի չէ, որը մտահոգի: Հիմնականում գնում են աշխատելու համար», աւելցուցած է ան:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ ճամբաներու կառուցման եւ նորոգութեան հարցերուն` Ազգային ժողովի նախագահը տեղեկացուցած է, որ 1994-95 թուականներէն սկսեալ մեծ ռազմավարական ծրագիրներ իրականացուած են:

«Ինչ վերաբերում է գիւղերն իրար կապող ճանապարհներին, ապա դրանք շարունակական աշխատանքներ են, ամէն տարի Արցախի պիւտճէից գումարներ ենք դնում դրա համար: Կարծում եմ, որ յառաջիկայ երկու տարիներին շատ լուրջ օժանդակութիւն է լինելու Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցումը, այդ տարածքում բոլոր գիւղերն էլ կապուած են մայրուղուն, հետեւաբար այն շատ մեծ ենթակառուցուածքների խնդիր է լուծելու: Մենք մինչեւ 2015 թուականը ենթակառուցուածքային առումով շատ աւելի զարգացած համակարգ ենք ունենալու Արցախում: Բայց դրանով պէտք չէ աւարտած համարել մեր աշխատանքը, այս տարիների համար ծրագրւում է նաեւ Հայաստանը Արցախին կապող մեծ ուժանիւթի համակարգի հիմնումը», ըսած է Ղուլեան:

Ան խօսած է նաեւ Արցախի մէջ միջազգային կառոյցներու ծրագիրներու բացակայութեան մասին: Աշոտ Ղուլեան ըսած է. «Այս հարցում լուրջ խոչընդոտներ կան, եւ դրսից դրամաշնորհներ չեն գալիս: Պատճառը ոչ թէ կազմակերպութիւններն են կամ Արցախի իշխանութիւնները, այլ Արցախի կարգավիճակը եւ ազրպէյճանական կողմի ընդգծուած գործողութիւններն ու քարոզչութիւնը»:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եզիտիները Կը Մեկնին Իրաքի Թրքական Սահման` Եզիտիներուն Օգնութիւն Հասցնելու

Յաջորդը

Ըստ Քանատայի Խորհրդարանի Անդամներու. Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նաեւ Թուրք Ժողովուրդի Խնդիրն Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.