
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աւելցնեն Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի հասնելու ուղղութեամբ տարուող քաղաքական ջանքերը:
Ան աւելցուցած է, որ բանակցութիւններուն իրենց անմիջական մասնակցութիւնը պէտք է ունենան նաեւ նախագահ Պարաք Օպամա ու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի:
Պրայզա յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, միաժամանակ նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ են, ինչ որ, ըստ անոր, կրնայ յանգեցնել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած չորս բանաձեւերու պահանջներուն կատարման:


