Այսօր յետմիջօրէին հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը պիտի գումարուի Պքերքէի մէջ` քննարկելու համար շրջանի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանր պայմանները: Այս առիթով երէկ Լիբանան ժամանեց Իրաքի քաղդէացիներու Ռաֆայէլ Սաքօ պատրիարքը: Վեհաժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, կու գայ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի Վատիկան մեկնումին նախօրեակին: Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, յառաջիկայ 6 – 10 սեպտեմբերին միջազգային վեհաժողով մը պիտի գումարուի ամերիկեան քոնկրեսին մէջ` ներկայութեամբ զանազան կողմերու ներկայացուցիչներու: Վեհաժողովին ընթացքին քննարկումներու առանցքը պիտի կազմէ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակը:


