Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապներն ու անձնական նեղլիկ շահերը գոյութիւն չունենային, ապա Լիբանան այս հանգրուանին կրնար վերածուիլ Արեւելքի փարոսին, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատն ու Արեւելքի մէջ հալածանքի ենթարկուող ժողովուրդներուն, յատկապէս քրիստոնեաներուն իրաւունքը պաշտպանող ամպիոնին:
Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիները կորսնցուցած են զուտ լիբանանեան որոշումով հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առիթը: Ան վերահաստատեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցին առնչութեամբ իր մերժողական կեցուածքը` աւելցնելով, որ ինք համոզուած չէ այդ երկարաձգումին մղող դրդապատճառներուն:
Նշենք, որ կիրակի, 31 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, խորհրդարանի նախագահը պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ անհետ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի յիշատակին:


