Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու պայթումին առաջին տարելիցին նուիրուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը քաջածանօթ է իր պարտականութիւններուն եւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է որոշումներ տրուին:
Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր վրէժ լուծել, սակայն կ՛ուզեն արդարութիւն հաստատել եւ պատժել մզկիթները պայթեցնող յանցագործները:
Ան ողջունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհին եւ ապաքինում մաղթեց անոր` նկատի ունենալով, որ ան վիրաւորուած էր ազգային պարտականութիւն մը կատարելու ընթացքին:
Ռիֆի ընդգծեց, որ իրենք պիտի վերադարձնեն առեւանգուած զինուորները, առանց որեւէ վճարումի:
Ռիֆի կարեւոր նկատեց Թրիփոլիի մէջ ազգային համերաշխութիւնը պահպանող լիբանանցիներուն ջանքերը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի չափաւորականութեան եւ ժողովրդավարութեան գարունը պիտի տապալեն բռնակալութիւնները:
ՄԻՒՍ կողմէ, երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 6:00-ին, լիբանանեան բանակը մուտք գործեց Թըպպանէ եւ դիրքաւորուեցաւ շրջանին մէջ, երբ զինեալ երիտասարդներ օդը կրակեցին եւ սեւ դրօշակներ բարձրացուցին` Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ առնուելուն «ուրախ» առիթով:


