Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 21-Ամեակի Ոգեկոչում

August 25, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0824_mherԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 24 օգոստոսին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ձեռնարկէն առաջ  հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի:

Պետրոս Իզմիրլեան
Պետրոս Իզմիրլեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան

Մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Պետրոս Իզմիրլեան: Ան ըսաւ. «21 տարիներ առաջ, հայրենական Արցախի ազատագրուած տարածքի սահմաններուն հսկողութեան պահուն, Մարտունիի մէջ ականի պայթիւնով վերջ գտաւ կեանքը «Րաֆֆի» մասնաճիւղի գործօն եւ պատասխանատու ընկերներէն` Ջուլհաճեան Մհերի, որ հասած էր հայրենիք իր ամբողջ էութեամբ նուիրուելով տասնամեակներէ ի վեր բռնաբարուած հայրենիքին` Արցախի դատին»:

Ան աւելցուց. «Հայրենիքի հողը իր ակօսներուն մէջ ցանուած մհերներու նման հերոսներ կը ծնի այսօր, որոնք կանգնած են սահմանին, Մհերին ու անոր ընկերներուն տեղ»: Իզմիրլեան խօսքը աւարտեց յայտնելով, որ «երանի ամէն հայ, ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանի, գիտնայ, թէ ինչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, եւ գիտնայ, որ պէտք է բոլորս անխտիր պատրաստ ըլլանք մեր վերջին պարտքը տալու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքի վերականգնումին»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ իր խօսքին  սկիզբը ըսաւ. «Մեր նահատակները մեզմէ խունկ ու մոմ չեն խնդրեր: Մենք, շնչող էակներս է, որ մոմերու պէտք ունինք, որպէսզի լուսաւորենք մեր ճամբան ու հոգիները: Հերոսներուն ուղին յաւիտեան լուսաւոր է ու պայծառ: Մեր նահատակները մեզմէ գովաբանութեան ու մեծարանքի չեն սպասեր: Եթէ փառքն ու պատիւը պաշտող ըլլային, ապա սրբազան զոհաբերութեան սեղանին չէին նուիրեր իրենց կեանքը: Տակաւի՛ն, մեր նահատակները մեզմէ մեծ ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ չեն ակնկալեր, կարիքը չունին: Մեր նահատակները մեզմէ հոգեհանգստեան արարողութիւններ չեն պահանջեր: Անոնց հոգիները կը հանգչին, երբ կը տեսնեն ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանը: Այս բոլորը մենք մեզի համար կը կատարենք, որպէսզի վերանորոգենք մեր պայքարի ոգին»:

0824_mher3Խօսելով նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի մասին` Տեմիրճեան հաստատեց. «Հերոսները կը ծնին, երբ առկայ է համապատասխան ազգային շունչ ու ոգի` ընտանեկան մթնոլորտ ու միջավայր: Մհերը անոնցմէ մէկն էր, որ կազմաւորուեցաւ դաշնակցական շրջանակի մէջ. ան անդամակցած էր ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, ապա` ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին ու Զաւարեան ուսանողական միութեան: Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ ստացաւ ազգային դաստիարակութիւն եւ հաւատալով Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան` կուսակցութեան ճամբով ծառայեց ազգին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին արդէն Մհերը գործի վրայ էր, կը հասնէր բոլոր կարիքաւորներուն ու կը պաշտպանէր հայկական թաղամասերը: Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն ան մտովի հոն էր, լեռներու լանջերուն էր ու հողին կանչին կը սպասէր: 1992-ին Հայաստան կը հաստատուի եւ կ՛անդամակցի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան, եւ արդէն Արցախի հողին վրայ է, իր հերոսներուն կողքին, պատերազմի դաշտին վրայ է… »:

Մատնանշելէ ետք լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւնները` Տեմիրճեան խօսքը ուղղելով նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հոգւոյն ըսաւ. «Վստահ եղի՛ր, որ դաշնակցական ընկերներդ ու երիտասարդութիւնը, որոնց դպրոցին մաս կազմած էիր, տակաւին իրենց առաքելութեան մէջ են: Վստահ եղի՛ր, որ այս բոլոր երեւոյթներուն դիմաց ԼԵՄ-ականները լուռ չեն մնար: Վստահ եղի՛ր, որ այս դպրոցը ինչպէս երէկ վաղն ալ կրնայ տալ բազմաթիւ սերունդներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան շարունակելու սրբազան գործը: Մենք դժուարութիւններու դէմ յանդիման իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ կանգ առնելու»:

Խօսքը աւարտելով բանախօսը ըսաւ. «Դուն քու պարտականութիւնդ վեհանձնութեամբ եւ խիզախութեամբ ամբողջացուցիր: Կը մնայ, որ մենք` քու գաղափարակից ընկերներդ, միեւնոյն ոգիով եւ հաւատքով շարունակենք գործը…»:

Օրուան պատգամէն ետք Սեւակ Արոյեան ասմունքեց Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակներուն նուիրուած ոտանաւոր մը եւ ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Նախորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ . Ժիտէյտիէ-Սալիպէ Շրջանը Գտնուող Ազգային Առաջնորդարանը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Պայթումի

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ . Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Ռազմափորձերը` Մասնակցութեամբ Ռուսիոյ Եւ Ղազախստանի

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.