«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ այս ամիս Ապահովութեան խորհուրդին նախագահող Բրիտանիոյ ներկայացուցչութենէն յայտնած են, որ Ուքրանիոյ արեւելքը զինադադարի շուրջ Ռուսիոյ առաջարկին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` այնտեղ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար յայտարարութեան քննարկումը ձգձգուած է:
ՄԱԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած է. «Շարք մը պատուիրակութիւններ կատարած են կառուցողական դիտողութիւններ, եւ մենք տակաւին կը սպասենք Ռուսիոյ պատասխանին»:
21 օգոստոսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մոսկուան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ որդեգրելու յայտարարութիւն Ռուսիոյ մարդասիրական օգնութեան ուղեկցող պահակախումբի ընթանալու ժամանակ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի անհրաժեշտութեան մասին: Ռուսիոյ ներկայացուցչութիւնը ճիշդ նոյն օրն ալ այդ յայտարարութեան նախագիծը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին:


