Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ԼԾՈՒԵՑԱՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

July 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի կը նախագահէ Լիբանանի ծովային սահմաններուն վերաբերող նիստին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Իտալիայէն վերադարձաւ Պէյրութ:

Կէսօրէ առաջ ան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է Միքաթին եւ յաջողութիւն մաղթած անոր կառավարութեան, որպէսզի յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին անիկա կարենայ լուծել Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն սպառնացող մարտահրաւէրները:

Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ինք յառաջիկայ 21 յուլիսին պիտի մեկնի Նիւ Եորք եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ` քննարկելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան հարցը:

Ուիլիըմզ եւ վարչապետ Միքաթի

Ուիլիըմզ ընդգծեց միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան գծով Լիբանանի յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որ դրուատեց երկրին ծովային սահմաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութեան առնչութեամբ կառավարութեան արագ, լուրջ ու անմիջական հակազդեցութիւնը եւ այդ թղթածրարը հրատապ հարց նկատելու յանձնառութիւնը:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը գիտակից է եւ արթուն կը հսկէ Լիբանանի շահերուն ու երկրին գերիշխանութեան:

Միւս կողմէ, Միքաթի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:

Էրտողան Թուրքիոյ եւ թրքական կառավարութեան անունով շնորհաւորեց Լիբանանի կառավարութիւնը եւ լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ անոր ստացած վստահութեան քուէն:

Էրտողան դրուատեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք արդէն իսկ բարելաւուած են վերջին հանգրուանին` նկատի ունենալով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Էրտողան նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին մէջ աւելի եւս ամրապնդուած է Լիբանանի մէջ կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Թուրքիոյ վարչապետը ընդգծեց, որ թրքական իշխանութիւնները մնայուն կերպով կը զօրակցին Լիբանանին, եւ իր բարեմաղթութիւնները յղեց լիբանանեան կառավարութեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետ Միքաթի նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ծովային սահմաններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղին վերաբերող հարցերը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց Լիբանանի իրաւունքը` որեւէ ոտնձգութենէ պահպանելու համար իր սահմանները, ինչպէս նաեւ օգտագործելու իր բնական հարստութիւնները:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի ծովային սահմաններուն հարցը պիտի քննարկուի նաեւ կառավարութեան այսօրուան նիստին, որպէսզի յստակ կեցուածք ճշդուի այդ մասին եւ կարելի ըլլայ դիմադրել իսրայէլեան սպառնալիքներուն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՊՈՒՏԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 58-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.