Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Սուլէյման Շահի Դամբարանը Կը Յանձնէ ՏԱՀԵՇ-ին

August 22, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուլէյման շահի դամբարանը
Սուլէյման շահի դամբարանը

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ շուրջ երկու ամիս առաջ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի 49 աշխատակիցներ պատանդ բռնած ՏԱՀԵՇ-ը անոնց ազատ արձակման դիմաց պահանջած է Սուլէյման շահի 928-ամեայ դամբարանէն դուրս բերել թուրք զինուորները:

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ զինուորական ճակատումէն խուսափող Անգարան, ըստ «Թարաֆ»-ի, ընդունած է ահաբեկիչներուն այդ պահանջը եւ ներկայիս կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս այս ցաւալի հարցը պիտի ներկայացնէ հանրութեան:

Մարտին, երբ ՏԱՀԵՇ սկսած էր աշխուժանալ Սուրիոյ մէջ, Թուրքիոյ այն ժամանակուան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ եթէ ահաբեկչական խմբաւորումը յարձակում գործէ Սուլէյման շահի դամբարանին վրայ, որ կը գտնուի 25 թուրք զինուորներու պաշտպանութեան տակ, Անգարա պիտի պատասխանէ զինուորական գործողութիւններով: Թրքական լրատուամիջոցները նոյնիսկ յայտնած են, որ Թուրքիան համապատասխան զինուորական ստորաբաժանումներ կը մօտեցնէ իր սահմանէն երեսուն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այդ տարածքին:

«Թարաֆ»-ին հասած հաւաստի տեղեկութիւններուն համաձայն, դամբարանը դատարկելու համար ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ երեք շաբթուան պայմանաժամ ճշդած է: Թերթին համաձայն, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը զինեալ ուժերու սպայակոյտին արդէն յանձնարարած է դատարկել դամբարանը:

Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսման Կազիի մեծ հայր Սուլէյման շահի եւ երկու թուրք զինուորներու գերեզմաններու Սուրիոյ մէջ գտնուած վայրը Լոզանի համաձայնագիրով կը նկատուի Թուրքիոյ պատկանող հողատարածք, որ մինչեւ հիմա կը պաշտպանուի թուրք զինուորներու կողմէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թարաֆ»-ի այդ հաղորդագրութիւնը «անհիմն» եւ «անպատասխանատու» նկատած է:

Նախորդը

«Խալիժ» Օրաթերթը Կը Գրէ. Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Կը Հսկէ ՏԱՀԵՇ-ի Գործունէութեան

Յաջորդը

Տաւութօղլու Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ատենապետի Եւ Երկրի Վարչապետի Պաշտօնին Թեկնածու Առաջադրուեցաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.