ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յառաջապահ Արշակ Քորեան, հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքական:
Ասիկա բնականաբար հետեւանք է անոր այս տարեշրջանին ունեցած բաւական լաւ խաղարկութեան` նկատի ունենալով, որ ան Ռուսիոյ երիտասարդական ախոյեանութեան 4 մրցումի ընթացքին նշանակած է 4 կոլ:
Հաւաքական հրաւիրուած 34 ֆութպոլիստները պիտի պատրաստուին 2015-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Նշենք, որ Ռուսիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Դանիա եւ Անտորրա:


