Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան Պենֆիքայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պրազիլցի բերդապահ Ժուլիօ Սեզար միացաւ խումբին` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ակումբին տոմարներուն վրայ:
Թէեւ նախորդ տարեշրջանին ան մաս կազմեց Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզին, սակայն անոր հետ որեւէ մրցումի չմասնակցեցաւ: Այնուհետեւ ան նախորդ փետրուարին փոխ տրուեցաւ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Թորոնթոյի:
Կը կարծուի, որ 34 տարեկան Ժուլիօ Սեզար պիտի ըլլայ Պենֆիքայի հիմնական բերդապահը` նկատի ունենալով, որ Եան Օպլաք փորթուգալեան կազմէն միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին:


