ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Անցեալները, Ս. պսակի եւ մկրտութեան իրերայաջորդ արարողութիւններէն ետք, երբ աւանդատուն կը մտնէինք երգչախումբի խմբավարին հետ, նկարչական գործիքով սեւամորթ մը մօտեցաւ եւ ուզեց, որ կարճ բան մը ըսենք երկուքս:
Խորհեցայ, որ ամերիկեան հարսանեկան արարողական աւանդութիւններն ալ հոս հասած են, բայց Միացեալ Նահանգներու մէջ նկարիչները այնքան զբաղած կ՛ըլլան, որ արագօրէն աւանդատուն չեն մտներ` պսակադիր եկեղեցականէն մաղթանք մը խնդրելու. իրենց գործը կ՛աւարտեն եւ երբ ամէն մարդ հարսանեկան սրահ կը հաւաքուի, խրախճանքը կը սկսի, ու յետոյ միայն նկարիչները մաղթանքի համար սեղանները կը դառնային:
Այս պարոնը հանդիսաւոր կերպով ըսաւ, թէ ինք Պուրքինա Ֆասոյէն է, եւ թէ` իրենց կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ շարժումի մը սկսած է, որն է` երթալ, ուր որ պսակ կ՛օրհնուի եւ բարեմաղթանքներ նկարել ու յետոյ աշխարհին ցրուել:
Երանի թէ չըսէր, որ մաղթանքս համացանցով պիտի տարածուէր. ըսաւ եւ աւելցուց, որ իրենք եկեղեցականներուն հետեւեալ հարցումը կ՛ուղղեն.
– Աստուած ի՞նչ նպատակով ստեղծեց մարդը, մարդկութի՞ւնը:
– Բարեկա՛մս, եթէ հարցումդ Աստուծոյ հարցնես, ճիշդ պատասխանը կ՛ունենաս,- ուզեցի ըսել, սակայն չէի կրնար: Այդ մարդուն բարի եւ ազնիւ զգացումն ու տրամադրութիւնը աւրելը սխալ պիտի ըլլար, բայց ի՞նչ պիտի կարենայի ըսել, եթէ ոչ` միայն այն, որ Աստուած ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը` Ադամը, եւ յետոյ, երբ տեսաւ որ ան մինակ էր Եւան ալ ստեղծեց, որպէսզի երկուքով շարունակեն իր հրաշալի ստեղծագործութիւնը, առանձին չապրին, ընտանիք կազմեն, զաւակ ունենան, դաստիարակեն Աստուծոյ շունչով եւ խաղաղ, սիրով ու երջանիկ կեանք մը ապրին մարդոց մէջ…
Մտքին մէջ այլ հարցում մը ծագեցաւ յանկարծ, նիւթէն ընդհանրապէս դուրս:
– Պուրքինա Ֆասօ անունը շատ կը սիրեմ,- ըսի իրեն, բայց ի՞նչ կը նշանակէ Պուրքինա Ֆասօ:
Պատասխանը եղաւ համոզիչ, եւ քիչ մը իմ պատասխանիս նմանող.
– Խաղաղութեան երկիր:
«Հրաշալի բան է խաղաղասէր ըլլալը», մտածեցի:
Շատոնց լսած էի Պուրքինա Ֆասօ երկրին անունը եւ միշտ ալ ականջիս շատ հաճելի հնչած էր, առանց գիտնալու` թէ ինչո՞ւ: Մօտ երկու տարի առաջ, օր մը այդ անունը աւելի հաճելի թուեցաւ, երբ Հայաստանի պատկերասփիւռի պետական Հ1 կայանէն երիտասարդ տաղանդաւոր հայուհի մը ըսաւ, թէ ինք Պուրքինա Ֆասօ ալ ապրած էր ու երգի ու պարի դաս տուած էր:
Երբ ինքնաշարժով պիտի մեկնէինք, նկարիչը եկաւ, թուղթ ու մատիտ մը տուաւ, որպէսզի մեր ելեկտրոնային հասցէները գրենք երկուքս, եւ ըսաւ, թէ համացանցին վրայէն պիտի կարենայինք տեսնել մեր բարեմաղթանք- պատգամին տեսերիզը:
Տուն վերադարձիս տեղեկացայ, թէ երկիրը կը գտնուի Ափրիկէի փոթորկած Մալիին կից, ուր ֆրանսական զօրքերը կը ջանան չէզոքացնել ըմբոստ մոլեռանդ ուժերը. երկրին տարածութիւնը Հայաստանին մօտ եօթը անգամն է, թէ` բնակիչները պարկեշտ եւ խաղաղասէր են, թէ` աշխարհի տասը ամէնէն աղքատ երկիրներէն մէկն է, եւ ֆութպոլի լաւ խումբ մը ունին եւ այլն…
Բնաւ միտքէս չէր անցներ, որ այս մարդուն ծանօթանալէս շաբաթ մը ետքը ալճերիական-սպանական օդանաւ մը Պուրքինա Ֆասոյի մայրաքաղաք Ուակատիկուէն ճամբայ պիտի ելլէր, շանթահար պիտի ըլլար ու պայթէր օդին մէջ` պատճառելով մեծ թիւով զոհեր, որոնց մէջ բազմաթիւ ֆրանսացիներ եւ լիբանանցիներ, որոնց մարմիններուն մասերը պիտի հաւաքուէին եւ Ֆրանսա բերուէին, երեք օրուան սուգ պիտի յայտարարուէր, զոհուածներուն ինքնութիւնը հաստատող աշխատանքի երկարատեւ գործընթացը պիտի սկսէր:
Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կ՛ապրինք չյայտարարուած Համաշխարհային Գ. պատերազմին մէջ` առանց անդրադառնալու կամ անդրադառնալով յատկապէս, թէ կրակը ինկած է ու մարդկային զոհեր կը լափէ իր ալիքներն ու սահմանները օրէ օր աւելի տարածելով:
Այս օրերուն կ՛ոգեկոչուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին հարիւրամեակը: Ինը միլիոն զինուոր ու քաղաքացի մահացան չորս տարուան ընթացքին, ի շարս որոնց` մէկուկէս միլիոն հայեր զոհուեցան իրենց ազգային ու կրօնական ինքնութեան եւ հայկական հողերուն պատճառով, երիտթուրքերու արիւնարբու կառավարութեան ճիւաղային որոշումով: Երկուշաբթի, 4 օգոստոսին աշխարհի տարբեր երկիրներէ 50 նախագահներ ու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ Պելճիքա գացած էին` ճառեր արտասանելու եւ ողբալու իրենց երկիրներուն կորուստներն ու զոհուածներուն յիշատակը յարգելու: Բոլորն ալ պատերազմին աւերներուն մասին իմաստասիրելով` խաղաղութիւն քարոզեցին:
Պուրքինա Ֆասոն, ափրիկեան ու միջինարեւելեան երկիրները յիշեցի, Կովկասը, Ուքրանիան, Խրիմը, Ղարաբաղն ու Ազրպէյճանը, Սուրիան, Իրաքը, Լիբանանը, Աֆղանիստանը, հարկ չկայ ցանկը երկարելու. կ՛ուզէի, որ պսակադրութեան աւարտին մաղթանք մը խնդրելու համար մեզի մօտեցած այդ ազնիւ մարդը քովս ըլլար ու նորէն հարցնէր.
– Աստուած ի՞նչ նպատակով ստեղծեց մարդը, իսկ մարդկութի՞ւնը:
Այս անգամ պիտի պատասխանէի.
– Սիրելի՛ բարեկամս, գնա՛, այդ հարցումդ աշխարհը կառավարող քաղաքական ղեկավարներուն հարցուր, եւ իրենց ըսէ, որ դուն խաղաղութիւն կը խնդրես իրենցմէ` Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին ու մարդկութեան համար, թէ` դուն քաղաքացին ես խաղաղութիւնը եւ պարկեշտութիւնը խորհրդանշող երկրին` Պուրքինա Ֆասոյին…
Նիս, 6 Օգոստոս, 2014


