Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մովսէս Յակոբեան. «Հպարտ Եմ, Որ Մեր Նախագահը Հանդիպման Գացած Էր «Երկաթէ Շերեփով»

August 21, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մովսէս Յակոբեան
Մովսէս Յակոբեան

Վերջին շրջանին հակառակորդին կողմէ կատարուած հետախուզական ներթափանցման փորձերը եւ սահմանային գիծին վրայ զինուորական սարքերու կուտակումները նպատակ ունէին ապակայունացնել իրավիճակն ու հոգեբանական ճնշում բանեցնել զինուորներուն վրայ: Այս մասին Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: «Ազրպէյճան պարզապէս սպառնալիքի միջոցով փորձած է մեզ  վախցնել, զինուորական սարքերը առջեւ մղելով, փորձելով հասկցնել, որ անմիջապէս վաղը պատերազմը պիտի սկսի: Սակայն ատիկա արդիւնք չէ տուած, որովհետեւ այդ սպառնալիքը կարճ տեւած է: Մեր գործողութիւններուն շնորհիւ արդէն 5 օգոստոսէն հակառակորդը ետ քաշած է ուժերը», ըսաւ ան:

Յակոբեանի խօսքով, յուլիսի վերջաւորութեան եւ օգոստոսի սկիզբը հակառակորդի իրականացուցած 7 հետախուզական  գործողութիւնները իրականացուցած են Ազրպէյճանի յատուկ ստորաբաժանման անդամները, որոնք պատրաստուած են Կիպրոսի մէջ: Այս ընթացքին հակառակորդի զինուորներէն 36-ը սպաննուած են, հաստատեց նախարարը` նշելով  որոշ անուն-մականուններ կան:  Ըստ Մովսէս Յակոբեանի, եթէ նախորդ տարուան այս ժամանակահատուածին մէջ  հակառակորդը արձակած է 7560 կրակոց, այս տարի այդ թիւը կը հասնի 17,903-ի: «Մենք երբեք անիմաստ չենք կրակեր, կը կրակենք այն ժամանակ, երբ անոր անհրաժեշտութիւնը կ՛ըլլայ, եւ կրակելու ժամանակ ալ կը փորձենք կրակել դիպուկ», ըսաւ ան:

Խօսելով Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին մասին` նախարարը նշեց. «Հպարտ եմ, որ մեր նախագահը հանդիպումին գացած էր «երկաթէ շերեփով» եւ հպարտ եմ անոր համար, որ ատիկա նաեւ մեր զինուորներուն շնորհիւ էր»:   Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին պարբերաբար զէնք վաճառելուն: Ան նշեց, որ թէեւ ատիկա վատ է, սակայն ատիկա  զինք չի վախցներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՛ գնահատական կու տայ հայ գերին «հարցաքննած» ազրպէյճանցի հրամանատար, զօրավար Ռովշան Թելմանօղլի Աքպերովի գործողութիւններուն, նախարարը ըսաւ. «Ես կ՛ամչնամ, որ այդ մարդը զինուորական ուսադիր կը կրէ, նոյնիսկ եթէ իմ հակառակորդս է: Այսպիսի մարդ իրաւունք չունի այդ կոչումը կրելու, որ երկրի մէջ ալ ըլլայ: Ես ընդհանրապէս միշտ յարգանքով կը վերաբերիմ հակառակորդիս, ինծի բախտ վիճակուած է նաեւ պատիւով հակառակորդի հետ կռուիլ, ես հպարտութիւն կ՛ապրիմ, որ իմ հակառակորդս այդպիսին է: Սակայն այս պարագային ես կ՛ամչնամ, որ նման հակառակորդ ունիմ», նշեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը:

«Յուլիսի վերջաւորութեան եւ օգոստոսի սկիզբը սահմանին վրայ տիրող լարուած օրերուն հարիւրաւոր կամաւորներ բարձրացան դիրքեր մեր զինուորներուն կողքին գտնուելու եւ զանոնք ոգեւորելու համար: Տարբեր պաշտօնատարներ ալ եղան դիրքերուն մէջ, ուրիշներ նոյնիսկ գիշերեցին հոն: Արդեօք անոր անհրաժեշտութիւնը կա՞ր եւ ի՞նչ տուաւ կամաւորներու այցելութիւնը մեր բանակին» «Երկիր»-ի հարցումին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան պատասխանեց. «Վերջին գործողութիւններուն ժամանակ մեր հասարակութիւնը համախմբուեցաւ, եւ ասիկա միայն եւ միայն հայ զինուորին շնորհիւ է: Եթէ հայ զինուորը ինքզինք առաջնային գիծին վրայ այդպէս չպահէր, հակառակորդին արժանի հարուած չտար, ես չեմ խորհիր, որ հասարակութիւնը կը համախմբուէր», ըսաւ նախարարը: Մովսէս Յակոբեան նշեց, որ մեր բանակին միջոցները բաց, ազատ եղած են միայն 20 առ հարիւրով: Բանակին 40 առ հարիւրը եղած է զօրամասերուն մէջ, որովհետեւ անոր անհրաժեշտութիւնը չկար, նոյնիսկ առաջին գիծի զօրամասերը իրենց միջոցներուն կէսը չեն օգտագործած: «Բայց նաեւ կարեւոր էր այն, որ այդ պահուն զինուորները առանձին չեն զգացած», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Ազատամարտիկը իր հին զինուորական տարազով յայտնուած էր մեր հայ զինուորի կողքին եւ ըսած, որ ինք եկած է տեսնելու, թէ զինուորը ինքզինք ինչպէ՛ս կը զգայ: Եւ ամէն տեղ այս ազատամարտիկները յայտնած են, որ իրենք սահմանագիծին վրայ ընելիք չունին, անոր կարիքը չկայ»: «Այդ օրերուն նոյնիսկ այսպիսի դրուագ մը եղած է. երբ զինուորին հայրը, որ ազատամարտիկ եղած է, եկած է իբրեւ կամաւոր, սակայն որդին տեսնելով հայրը, ետ ուղարկած է զայն` ըսելով, որ դուն ինչ որ պէտք է ժամանակին ըրած ես, հիմա մեր կարգն է»:

Նախարարը վստահեցուց, որ մեր բանակին ուժերը եւ միջոցները բաւարար են հակառակորդին ոտնձգութիւնները կանխելու եւ պատշաճ հակահարուած տալու համար, բայց այս պահուն բոլորը զինուորի կողքին պէտք է ըլլան: Անդրադառնալով պաշտօնատարներու պարբերական այցելութիւններուն` նախարարը նշեց, որ անոր անհրաժեշտութիւնն ալ կայ: «Այն քաղաքական գործիչը, որ կը քննադատէ բանակը, թող կրկին քննադատէ, բայց դժուար պահուն գայ եւ բանակին կողքին կանգնի», ըսաւ նախարարը:

 

Նախորդը

Քոնկրեսական Քլարք Կը Սատարէ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Կը Դատապարտէ Հայ Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետները Յայտարարութիւն Պիտի Կատարեն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.