
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Աքսել Ֆիշըր եւ Ալեն Միլ պիտի մասնակցին դիտորդական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 3 սեպտեմբերին, կը յայտնէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի կայքը:
Պիտի քննարկուին համազեկուցողներու 16-18 յունիսին Հայաստան այցելութեան տուեալները:
Յիշեցնենք, որ այցելութեան ընթացքին համազեկուցողները հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ: Անոնք նաեւ հանդիպած էին քաղաքական կուսակցութիւններու եւ դատական իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Նաեւ Զեկուցում` Ազրպէյճանի Մասին
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ 3 սեպտեմբերին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) հսկումի յանձնախումբին մէջ Ազրպէյճանի վերաբերեալ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան:
Նիստին ընթացքին խօսք պիտի առնեն Ազրպէյճանի հարցով համազեկուցողներ Ժոզեֆ Տեպոնօ Կրեխ եւ Փեթրօ Ակրամունթ:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի հսկումի յանձնախումբը պիտի քննարկէ այն տեղեկութիւնները, որոնք համազեկուցողները պիտի ներկայացնեն 19-21 մայիսին իրենց Պաքու կատարած այցելութեան հիման վրայ:


