Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1964)

August 21, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Կեանք

Համմանա-Շթորա Փապուղիին Ծրագիրը

Ճափոնցի Մասնագէտներու Պատրաստած
Տեղեկագիրը Ուսումնասիրութեան Տակ

Զահլէի երեսփոխան Եուսէֆ Հրաուի գրաւոր հարցում մը ուղղած էր կառավարութեան Համմանա-Շթորա փապուղիի մասին: Իր պատասխանին մէջ կառավարութիւնը կը յայտարարէ.

«Համմանա-Շթորա փապուղիի բացման ծրագիրը, որ պատրաստուած է ճափոնցի մասնագէտներու խումբի մը կողմէ, արժանի է խոր ուսումնասիրութեան մը, յատկապէս` աշխատանքներու ֆինանսաւորման, Լիբանանի նման զբօսաշրջային երկրի մը մէջ փապուղիով ճամբորդելու առաւելութիւններուն եւ թերութիւններուն ու, վերջապէս, փապուղիին եւ Պէյրութ-Դամասկոս այժմու ճամբուն միջեւ գոյութիւն ունենալիք կապին առնչութեամբ»:

Կառավարութիւնը իր պատասխանին մէջ կը յիշեցնէ, թէ 1963-ին Ճափոն, արտասահմանեան երկիրներու օժանդակութեան իր ծրագրին գծով, Լիբանանի առաջարկած էր պատրաստել ծրագիր մը փապուղիի մը մասին, որ պիտի անցնէր Պէյրութի արեւմիակողմը գտնուող լեռներուն տակէն եւ պիտի յանգէր Պեքաա: 1964-ի ընթացքին պատրաստուած եւ նոյն տարուան ապրիլին կառավարութեան յանձնուած տեղեկագիրը կը բաղկանայ 125 էջերէ, 21 քարտեսներէ եւ ուրուագիծերէ ու 38 ցանկերէ: Տեղեկագրին հեղինակները կը յայտնեն, թէ փապուղին պէտք է սկսի Համմանայի քովէն ու յանգի Մրէյժաթի եւ Շթորայի միջեւ գտնուող շրջանը: Աշխատանքները պիտի արժեն մօտ 80 միլիոն լիբանանեան ոսկի:

Ուստի, կ՛եզրակացնէ կառավարութիւնը, այս տեղեկագիրը ուսումնասիրութեան համար յանձնուեցաւ պատկան սպասարկութիւններուն:

 

Գաղթականներու Բ. Համագումարը
Բացուեցաւ Երէկ Եունեսքօ-ի Պալատին Մէջ

Հանրապետութեան Նախագահ Ֆուատ Շեհապ
Խօսեցաւ Բացման Գեղեցիկ Ճառ Մը

Նախագահ Ֆուատ Շեհապ երէկ առտու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ բացումը կատարեց Լիբանանցիներու համաշխարհային միութեան Բ. համագումարին:

Խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը, կառավարութեան անդամները, երեսփոխանները, դիւանագիտական մարմինի անդամները, կրօնական անձնաւորութիւնները, նահանգապետները եւ պետական վարչութիւններու տնօրէնները, Գաղթականները միութեան նախագահը եւ դիւանի անդամները, գաղթականներու պատուիրակութեանց պետերն ու անդամները, ինչպէս նաեւ մամուլի ներկայացուցիչները ներկայ եղան արարողութեան:

Ժամը 9:00-ին լիբանանեան դրօշակը եւ գաղթականներու բնակած երկրին դրօշակները պարզուեցան: Հանրապետութեան նախագահը հասաւ ժամը ճիշդ 10:00-ին եւ ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահին վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն կողմէ, մինչ հանրապետական պահակագունդի ջոկատ մը զինուորական պատիւներ կ՛ընէր:

Պաշտօնական անձնաւորութիւնները ողջունելէ ետք, նախագահը ուղղուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մեծ սրահը, ուր բուռն ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ:

Այս առթիւ հանրապետութեան նախագահը երկրաբնակ եւ գաղթական լիբանանցիներուն ուղղեց պատգամ մը, որ մասնաւոր նշանակութիւն կը ստանայ իր պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտումին մէկ ամիս մնացած:

Իր պատգամին մէջ նախագահ Շեհապ ի մէջ այլոց կ՛ըսէ.

«Գաղթականները, որոնց թիւը հաւասար է երկրաբնակներու թիւին, կը կազմեն մեր ժողովուրդին սիրելի մէկ մասը: Անոնք շատ բարձր բռնեցին Լիբանանի անունը աշխարհի մէջ եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ, այս փոքր ազգին համար կերտեցին բարեկամութեան, վստահութեան եւ հիացումի տաճարներ»:

«Լիբանան,- ըսաւ նախագահը,- այժմ արժանաւոր տեղ մը կը գրաւէ ազգերու ընտանիքին մէջ: Անոր անկախութիւնը ճանչցուած է, ամբողջականութիւնը զօրաւոր եւ հիմերը ամուր: Մեր ժողովուրդը թէ՛ իր արաբական միջավայրին եւ թէ՛ համայն աշխարհի մէջ սիրուած եւ յարգուած է: Անցեալի հետքերը ջնջուած են, մեր կեանքի մակարդակը անդադար կ՛աճի լաւագոյն ապագայի մը հեռանկարով: Մեր գործերը զարգացումի եւ բարգաւաճման մէջ են, շինարարութիւնը աչքի կը զարնէ, խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը կը տիրեն մեր ափերուն վրայ»:

Այնուհետեւ խօսք առին արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Ամմուն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ միութեան շրջանային նախագահ տոքթ. Անթուան Խուրի:

Ճառէն ետք հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական անձնաւորութեանց հետ գնաց ընդունելութեան սրահը, ուր իրեն ներկայացուեցան գաղթականներու պատուիրակութիւնները:

Այնուհետեւ նախագահն ու ներկաները առաջնորդուեցան ցուցահանէսի սրահը, ուր կը ցուցադրուին Լիբանանի իրագործումները վերջին տարիներու ընթացքին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գործնական Գիտելիքներ. Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ Ճանճերէն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.