Եւրոպական շարք մը անուանի ակումբներու կողքին, Լիվըրփուլ եւս կ՛ուզէ իր կազմին մէջ ունենալ Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մոնաքոյի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոն, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը:
Նշենք, որ Ֆալքաոյով շատ մօտէն հետաքրքրուած են Եուվենթուս եւ Ռէալ Մատրիտ:
Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի համաձայն, թէեւ իր կազմին համար փոխանցումները աւարտած են, սակայն Ֆալքաոյի պարագան կրնայ բացառութիւն մը ըլլալ:
Իր կարգին, Եուվենթուս ճիգ կը թափէ գնելու 28 տարեկան ֆութպոլիստը, եթէ ոչ այս ամրան ընթացքին, սակայն անպայման յառաջիկայ ձմրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերստին ընթացք առնեն:


