
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որուն ընկերակցեցան Լիբանանեան համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու տնօրէններ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահը հովանաւորէ Նեղոս գետի յատուկ գիտաժողովը, որ պիտի կազմակերպուի Լիբանանեան համալսարանին կողմէ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը տարբեր հարցազրոյցներու ընթացքին հաստատեց, որ ինք լաւատես է յաջորդ հանգրուանին առումով: Ան աւելցուց, որ Լիբանան պիտի քաղէ Իրաքի զարգացումներուն դասերը:
«Իրաքի մէջ հասակ նետած ՏԱՀԵՇ-ը նոյն վայրին մէջ պիտի նօսրանայ», ըսաւ Պըրրի:


