Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 20, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումը այսօր յետմիջօրէին պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը:

ՊԵՏԱԿԱՆ պաշտօնեաներու լիկան յայտնեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 21 օգոստոս 2014-ին, պետական պաշտօնեաները պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը, որուն զուգահեռ պիտի կատարուի նաեւ բողոքի նստացոյց մը` տնտեսութեան նախարարութեան դիմաց, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Պլիսի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն պատճառով երէկ հիւսիսային Լիբանանի շրջաններուն մէջ երթեւեկի ահաւոր խճողում ստեղծուեցաւ:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ազատականներու-Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան բանակը կը մղէ իսկական պատերազմ մը, որ բանակին պատմութեան ընթացքին ամէնէն վտանգաւորը կը նկատուի թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ մարտավարական իմաստով: Ան զգուշացուց լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Արսալի բեմագրութեան կրկնութենէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պարագային իրենք պիտի վիճարկեն այդ որոշումը:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սուրիական բանակը Քալամունի մէջ իրագործած է զինուորական տեսակարար գործողութիւն մը, որուն ընթացքին սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի պետերէն Ապու Ապտալլա Իրաքին, որ դէպի Լիբանան ղրկուող ականուած ինքնաշարժներու «հեղինակ»-ներէն էր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն դէմ դնելու ՏԱՀԵՇ-ին:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը գրեթէ իրականութիւն դարձած է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական մարմիններն ու կառոյցները կան, սակայն անոնց կը պակսի համագործակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ կայ երեսփոխաններու խումբ մը, որ իր պատասխանատուութիւնները կը մերժէ ստանձնել, եւ այդ իսկ պատճառով պետական հաստատութիւնները կ՛ուղղուին դէպի անիշխանութիւն:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ եւ Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ երէկ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք համադրեցին երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան թղթածրարը լուրջ քննարկումի արժանացած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ նախանցեալ օրուան հանդիպումին ընթացքին: Արայժի նշեց, որ Մարատա հոսանքը համաձայն է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին, իսկ չկատարուելու պարագային հոսանքը կը նախընտրէ երկարաձգել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ յայտնեց, որ Իսրայէլի նպատակն է պաղեստինեան Դիմադրութիւնը հարուածել եւ բնակեցման իր երազները իրականացնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելը առողջութեան նշան է եւ կը նպաստէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդման:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան կրնայ յաղթել միայն հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու միջոցով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քմաթի ընդգծեց իսլամական միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ յարանուանական տարակարծութիւններուն վերջ տալու կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն նկատել:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ որդեգրուած ապահովական ծրագիրները արդէն իսկ գործադրութեան դրուած են:

 

 

Նախորդը

Փենթակոն. «Սուրիոյ Քիմիական Զէնքի Ոչնչացումը Ամբողջացած Է»

Յաջորդը

«Հիւանդանոցներուն Կողմէ Հիւանդները Չընդունելու Առումով Հրապարակուած Հաղորդագրութիւնը Կեղծ Է» Ընդգծեց Ապու Ֆաուր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.