Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Օպամայի Հանդարտեցման Կոչին. Ֆերկըսընի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

August 20, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0819_FergusonԱմերիկեան ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Միսուրի նահանգի Ֆերկըսըն քաղաքին մէջ գիշերանց տեղի ունեցած հերթական խռովարարութեանց ընթացքին ձերբակալուած են 31 անձեր: Շրջանի բնակչութիւնը, որուն շուրջ 65 առ հարիւրը սեւամորթ է, զայրացած է ոստիկանի մը կողմէ 9 օգոստոսին անզէն սեւամորթ պատանիի մը սպանութենէն: Ոստիկանը առանց պատճառի սպաննած էր պատանին:

Միսուրիի կառավարիչը յայտարարեց, որ կարգ ու կանոնի հաստատման համար հրամայած է Ազգային պահակագունդը օգտագործել: Ոստիկան գնդապետ Ռոն Ճոնսըն յայտնեց, որ ոստիկանները ստիպուած եղած են արցունքաբեր կազ եւ ձայնային ռումբեր օգտագործելու, որովհետեւ «արատ հրացանաձգութեան» ենթարկուած են եւ հրավառ նիւթերով եւ շիշերով յարձակումի ենթարկուած: Ան ցուցարարներուն կոչ ուղղեց իրենց ցոյցերը ցերեկները կատարելու` արգելք հանդիսանալու համար, որ «օրինախախտ փոքրամասնութիւն մը» դիտաւորեալ կերպով բռնարարքներ գործէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ պատանիին սպանութենէն յառաջացած «յուզումն ու զայրոյթը», սակայն նաեւ շեշտեց, որ «կողոպտելով կամ զէնքեր բարձրացնելով, եւ մինչեւ իսկ ոստիկանութեան վրայ յարձակելով» բարկութեան անձնատուր ըլլալը միայն «լարուածութիւնը բարձրացնելու եւ քաոս ստեղծելու կը ծառայէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ ինք կը գիտակցի, որ ամերիկեան բազմաթիւ վայրերու մէջ բնակչութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ «վստահութեան վիհ» մը գոյութիւն ունի եւ թէ «բազմաթիւ համայնքներու մէջ, ոչ սպիտակամորթ շատ երիտասարդներ կ՛անտեսուին եւ միայն վախի առարկայ կը նկատուին»:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց. «Ամերիկայի մէջ ժողովրդային բողոքի ցոյցերու ճնշումը մարդկային իրաւանց ոտնակոխման յստակ փաստ է»:

 

 

Նախորդը

Ըստ ԱՓԱ-ի. Ուաշինկթըն Մերժած Է Ազրպէյճանին Վաճառել Աֆղանիստանէն Դուրս Բերուած Սպառազինութիւնը

Յաջորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարը Վերջ Գտաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.