
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքական պլոքներուն եւ երեսփոխաններուն վերջ տալու երկրին սահմանադրութեան խախտումներուն եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ երեք ամիսէ ի վեր նախագահական աթոռը թափուր պահելը երկրին սրտին մխրճուած մահացու հարուած մըն է:
Ռայի պատրիարքը ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակին գործունէութիւնը, որուն նկատմամբ պէտք է կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերել` յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ Արսալի ահաբեկիչներուն դէմ անոր տարած յաղթանակին համար:
Ռայի պատրիարքը աղօթեց նաեւ գերեվարուած զինուորներուն ազատ արձակումին համար եւ դրուատեց 148 հազար լիբանանցի աշակերտներուն անորոշութեան վերջ տալու եւ պետական քննութեան անոնց մասնակցութեան համար անոնց վկայագիրներ յանձնելու որոշումը:
Միւս կողմէ, ան մաղթեց նաեւ, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջած իրաւունքները կը վաւերացուին:
Ռայի պատրիարքը Իրաքի եւ Սուրիոյ խաղաղութիւն, Պաղեստինեան հարցին լուծում, բոլոր գաղթականներուն ապահով տունդարձ եւ լիբանանեան, պաղեստինեան ու սուրիական հողերէն իսրայէլեան ուժերու հեռացում մաղթեց:
Նշենք, որ ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ մատուցեց պատարագ մը` բանակի եւ ապահովութեան ուժերուն նահատակներուն հոգիներուն համար:
Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:
Պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը բանակին նկատմամբ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց, ինչպէս նաեւ ողջունեց անոր կատարուած արտաքին բոլոր օժանդակութիւնները:


