Մինչ Գահիրէի մէջ երկարատեւ զինադադարի հաստատման շուրջ պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութեանց միջեւ բանակցութիւններուն շուրջ հակասական տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, առնչակից կողմերը Կազայի մէջ հնգօրեայ նոր զինադադար մը յայտարարեցին:
Պաղեստինեան պատուիրակութեան նախագահ Ազզամ Ահմետ յոյս յայտնեց, որ նոր զինադադարը բաւարար ըլլայ մնայուն զինադադարի հաստատման համար եւ նշեց, որ Կազայի շրջափակման վերջ տալու հարցին մէջ բանակցութիւնները մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած են:
Սակայն իսլամական Ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախլէ նշեց, որ Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւնները «բարդ» են, եւ «այն կէտերը, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, պաղեստինեան պատուիրակութեան յուսացածին նման չեն»:
Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի փոխղեկավար Մուսա Ապու Մարզուք իր կարգին յայտնեց, որ բանակցութեանց ընթացքին որեւէ հարցի մէջ բեկում չէ յառաջացած եւ յաւելեալ բանակցութեանց կարիքը կայ:


