
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները, որոնք մօտիկ ապագային պիտի հասնին Լիբանան:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մնայուն կերպով կը զօրակցի լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ 2006-ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները մէկ միլիառ տոլարի գումարը գերազանցած են:
Հէյլ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ մնայուն կերպով կը զօրակցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան: «Մենք համաձայն ենք Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ, որ բանակը պէտք է կարողութիւնը ունենայ ահաբեկիչներէն եւ բռնարարքներէ պաշտպանելու երկրին սահմանները: Հետեւաբար ընդառաջելով բանակին զօրակցելու կոչերուն, Ուաշինկթըն պաշտպանողական եւ յարձակողական յաւելեալ զէնք ու զինամթերք պիտի տրամադրէ բանակին` զայն հզօրացնելու նպատակով», ըսաւ Հէյլ:
Ան աւելցուց, որ բանակին յատկացուած այս օժանդակութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի հասնի Լիբանան:


